ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Յայտնի գրող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ վերջերս այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Ան ծանօթ է պատմական նիւթերու վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններով, որոնց հիման վրայ լոյս տեսած գիրքերը գրասէր շրջանակներէն ներս կ՚արժանանան անմիջական հետաքրքրութեան։ Նեսիմ Օվատիայի վերջին գիրքը կը կոչուի «Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ Շահինեանները»։ bgst հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսած է այս գործը, որու բովանդակութեան մէջ Շահինեան գերդաստանի թատերական գործունէութիւնը մատուցուած է ըստ պատշաճի՝ նաեւ ընկերամշակութային ամբողջ ապրումներու եւ յիշողութեան մը ամբողջին մէջ ներկայացուած է հետաքրքրական նիւթը։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին հեղինակը նշեց, որ գիրքի պատրաստութեան ընթացքին օգտուած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի զանազան հին համարներէն։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքը հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ գրախանութներէ ներս։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018