ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու ղեկավարներու հեռաձայնային տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ առին Մենպիչի եւ Իտլիպի վերաբերեալ կարգադրութիւններուն վրայ։

Էրտողան եւ Թրամփ երէկուան զրոյցին ընթացքին վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ Թուրքիա-ԱՄՆ երկկողմանի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի ամրապնդելու եւ համապատասխան քայլեր առնելու ուղղութեամբ։ Անոնք երկկողմանի հարցերու առընթեր անդրադարձան տարածքաշրջանային խնդիրներու։ Էրտողան եւ Թրամփ համակարծիք գտնուեցան՝ որպէսզի տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ սերտ շփման մէջ գտնուին յառաջիկայ շրջանին։ Նկատի ունենալով, որ ԱՄՆ-ի Փիցպուրկ քաղաքէն ներս վերջերս սինակոկ մը ենթարկուած էր յարձակման՝ երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Էրտողան պախարակեց այդ դէպքը։ Նախագահը ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ համայն ամերիկեան ժողովուրդին։ Ան արագ ապաքինում մաղթեց նաեւ վիրաւորներուն համար։ Էրտողան եւ Թրամփ առաջնահերթօրէն անդրադարձան Մենպիչի եւ Իտլիպի վերաբերեալ կարգադրութիւններուն։

Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու  կողմէ կատարուած վերոյիշեալ յայտարարութիւններուն առընթեր, Ուաշինկթընն ալ տեղեկութիւններ փոխանցեց Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ։ Սպիտակ տան բանբեր Սարա Սենտըրս այս մասին գրաւոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց։ Այդ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ, որ երկու ղեկավարները Սուրիայէ ներս համակարգման մէջ աշխատելու կապակցութեամբ ընդգծած են իրենց պատրաստակամութիւնն ու փափաքը։ Նախագահ Էրտողան Փիցպուրկի ողբերգական դէպքին համար ալ յայտնած է ցաւակցութիւններ։

Թէ՛ թրքական եւ թէ ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները  կը վկայեն, որ Էրտողան եւ Թրամփ հեռախօսազրոյցի ընթացքին առաջնահերթօրէն նկատի ունեցած են Սուրիոյ խնդիրը։ Մինչ այդ, երէկուան հեռախօսազրոյցը կը զուգադիպի նաեւ այլ կարեւոր միջազգային ու տարածքաշրջանային նշանակութեամբ իրադարձութեան մը։ Արդարեւ, ԱՄՆ սկսած է Իրանի դէմ շատ աւելի խիստ պատժամիջոցներու գործադրութեան։ Սա տարածքաշրջանի տեսակէտէ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մըն է եւ կրնայ պատճառ դառնալ նոր հաւասարակշռութիւններու ձեւաւորման։ Էրտողան-Թրամփ երէկուան հեռախօսազրոյցէն առաջ ալ Ուաշինկթըն վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ Անգարայի սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Փալատինօ յայտնեց, որ իր երկիրը հաւատարմութիւն ցոյց կու տայ Թուրքիոյ սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորման  նկատմամբ։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի կարեւոր անդամներէն մին է եւ ԻՇԻՊ-ի դէմ ստեղծուած միջազգային համախոհութեան ալ կարեւոր գործընկերներէն մին։ «Մենք հաւատարիմ կը մնանք մեր դաշնակցի սահմաններու անվտանգութեան  նկատմամբ», ըսաւ Փալատինօ։

Մինչ այս յայտարարութիւնները կատարուեցան Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցէն անմիջապէս առաջ, ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընն ալ ըսաւ. «Մենք կը փափաքինք Իրանի դէմ ամենախիստ մակարդակի վրայ ճնշում գործադրել, սակայն չենք փափաքիր, որ մեր բարեկամներն ու դաշնակիցները տուժեն»։

Ի լրումն այս բոլորին, Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցը զուգադիպեցաւ ճիշդ այն օրուան, երբ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի զօրքերը համատեղ հերթապահութեան ձեռնարկեցին Մենպիչի մէջ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ տեղեկացուց, որ ժամը՝ 15.53-ի դրութեամբ սկսած է համատեղ հերթապահութիւնը։

Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ Մենպիչի պարագային Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ որդեգրուած ճանապարհային քարտէսի ամբողջին մէջ փուլ մը եւս աւարտած է։ «Այս յարաբերութիւնը համբերութեամբ յառաջ կը տանինք ու կ՚ակնկալենք, որ արդիւնքներ ապահովուին», ըսաւ Աքար։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018