ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՐՑԱԽ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան դիմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Մինչ այդ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախ մեկնելէ առաջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Հայաստանի խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ։ Այս ամբողջին մէջ ան ներկայացուց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ իր տեսլականը։ Վարչապետը այս առթիւ արձանագրեց, որ գործնականօրէն Հայաստան կղզի մըն է՝ առանց ծովու։ Այս պայմաններուն ներքեւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը դառնայ շատ կնճռոտ։ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ հետեւեալը.

«Հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ կրնամ  ըսել այն ինչ, որ ըսած եմ։ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Բայց թող ոեւէ մէկը որեւէ ձեւով սա չմեկնաբանէ, թէ մենք այս դիրքորոշումով որեւէ կերպով կը նսեմացնենք 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը, որովհետեւ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը մեզի համար ու մեր ընկալմամբ հայ-թրքական յարաբերութիւններու խնդիր մը չէ։ Սա մեզի համար միջազգային անվտանգութեան խնդիր մըն է եւ սա մեր ներդրումն է ցեղասպանութիւններու կանխարգելման շարժման ու գործընթացին։ Ըստ էութեան, սահմանը մեր կողմէ փակ չէ, սահմանը փակ է Թուրքիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով եւ սա վատ քաղաքականութիւն մըն է։ Որովհետեւ եթէ ոեւէ մէկը յոյս ունի, թէ հայ ժողովուրդը հարկադրանքի եւ սպառնալիքի ճանապարհով կրնայ մղել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման այս կամ այն տարբերակին համար, ապա ան կը սխալի»։

Նոյն նիւթին կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան ունի չորս հարեւաններ, որոնցմէ երկուքին հետ սահմանները փակ են։ Ատրպէյճանի հետ սահմանը փակ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով։ Թուրքիոյ հետ սահմանը փակ է նոյնպէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով։ Փաշինեան այս երեւոյթը որակեց «ափսիւրթ», երբ երկիր մը ուրիշ երկրի մը հետ յարաբերութիւնները կը կապէ երրորդ երկրի մը հետ ունեցած յարաբերութիւններով։ «Մենք ունինք երկու սահման, կրնաք մտածել, թէ այդ սահմանները բաց են, բայց իրականութեան մէջ անոնք կիսաբաց են։ Որովհետեւ. օրինակ՝ Իրանի հետ սահմանը ամէն պահ կրնայ փակուիլ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի պատճառով։ Հայ-վրացական սահմանը կրնայ փակուիլ, օրինակ՝ վատ եղանակային պայմաններու եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններու պատճառով»։ Այս բոլորի լոյսին տակ է, որ Փաշինեան Հայաստանը որակած է կղզի մը՝ առանց ծովու։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018