ՇՈՒԷՏ ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌՔԻ ԱՌԱՋԱՐԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Շուէտ ռազմաօդանաւերու վաճառքի համար առաջարկ մը ներկայացուց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան։ SAAB ընկերութեան կողմէ արտադրուած ռազմաօդանաւեր խնդրոյ առարկայ դարձած են այս առաջարկին մէջ։ JAS-39 Gripen տիպի ռազմաօդանաւեր Հայաստան մատակարարելու համար Շուէտի կողմէ ներկայացուած այս առաջարկը կը յաջորդէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւան կատարած այցելութեան։

Այս ռազմաօդանաւերէն մէկ հատը կ՚արժէ մօտաւորապէս 55-60 միլիոն եւրօ։ Անոնց վաճառքին համար կարելի է դիմել լիզինկի ճանապարհին։ Չորրորդ սերունդէ թեթեւ ռազմաօդանաւեր են խնդրոյ առարկաները։ Անոնք օժտուած են հնարաւորութիւններով, որոնց շնորհիւ կրնան օդէն ռմբակոծումներ կատարել դէպի ցամաք եւ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ օդի մէջ կրնան հրթիռներ արձակել ուրիշ օդի մէջ գտնուող թիրախի մը վրայ։ Անոնց թիրախաւորման համեմատութիւնն ալ բաւական բարձր է։ Այս ռազմաօդանաւերը հաւանական պատերազմի մը ժամանակ ազդու կրնան  ըլլալ հակառակորդի ռազմաօդանաւերուն դէմ պայքարելու համար։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու, ուրիշ առաւելութիւն մըն ալ ունին այս ռազմաօդանաւերը. անոնց գիները բաւական յարմար են։

Հայաստանի Զինեալ ուժերը ցարդ արեւմտեան արտադրութեան զէնքեր կամ զինամթերքներ գրեթէ չեն օգտագործեր։ Ըստ էութեան, Հայաստան բանակի մատակարարումները կ՚ապահովէ Ռուսաստանէն, որու հետ ռազմավարական դաշնակից կը համարուի։ Այս նոր լուրերը ուշագրաւ են նաեւ այն իմաստով, որ Հայաստան կրնայ այլընտրանք մը ունենալ Արեւմուտքի մէջ արտադրուած ռազմամթերք ապահովելու տեսակէտէ։

Երեւանի ղեկավարութենէն ներկայացուցիչներ վերջերս առիթով մը յայտարարած էին, որ Հայաստան երբեք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ զէնքի մատակարարման առաջարկ չէ ստացած։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2, 2018