ՈՉ ԵՒՍ Է ԶՈՒԻՑԵՐԱՀԱՅ ՅԱՅՏՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ԱՐՏԷՆ ՇԷԼԼԷՖԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է զուիցերահայ յայտնի գործիչ Արտէն Շէլլէֆեան։ Սա իսկապէս անժամանակ մահ մըն էր, որովհետեւ Արտէն Շէլլէֆեան տակաւին աշխատունակ վիճակի մէջ էր եւ բնականոն հունով յառաջ կը տանէր իր կեանքը։

Արտէն Շէլլէֆեան նախկին պոլսահայ մըն է, որդին երբեմնի յայտնի համայնքային վարիչ Մկրտիչ Շէլլէֆեանի, որ ունի իր ուրոյն տեղը մեր համայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ։ Արտէն Շէլլէֆեան տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած էր Զուիցերիա եւ իր ընտանիքին հետ կ՚ապրէր Ժընեւի մէջ։ Մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի հարուստ աւանդութիւններուն թրծուած մթոլորտի մը մէջ հասած էր Արտէն Շէլլէֆեան եւ ի շարունակութիւն, իր հերթին, ան եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէր զուիցերահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Վարչական պաշտօններ ստանձնած էր Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ խորհուրդին մէջ, նաեւ իր նպաստը բերած էր վերջին շրջանին Զուիցերիայէ ներս թեմի մը ձեռնարկման ուղղեալ աշխատանքներուն։ Արտէն Շէլլէֆեան երկար ժամանակէ ի վեր եղած էր զուիցերահայ յայտնի գործարար եւ ազգային բարերար Վարդան Սրմաքէշի անմիջական գործակիցներէն մին։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր ընտանիքին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019