ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ՉԷ ՎԵՐԱՀՍԿԵԼԻ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՄԲ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որով շեշտեց, որ Ատրպէյճան բռնութիւնը կը շարունակէ Արցախի դէմ, կ՚ոչնչացնէ խաղաղ բնակչութիւնը եւ կը կիրառէ արգիլուած զէնքեր։ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ ֆոսֆորային զինատեսակներու օգտագործման հարցը ընդգծելով՝ Մնացականեան ընդգծեց, որ ան լիակատար անարգալից վերաբերմունք կը ցուցաբերէ իր իսկ կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն դէմ։

Մնացականեան «Սփութնիք» միջազգային գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ալ ընդգծեց, որ Ատրպէյճան հետաքրքրուած չէ վերահսկելի հրադադարի մը հաստատումով։ «Մեր դիրքորոշումը անփոփոխ է, մենք կողմնակից ենք դիտորդներու տեղակայման», ըսաւ նախարարը։ Մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին օրերու զանազան յայտարարութիւնները՝ Մնացականեան նշեց.

«Այս օրերուն նախագահ Ալիեւ ըրած է բազմաթիւ մոլորեցնող ու հակասական յայտարարութիւններ, որոնք արժանի չեն մեկնաբանութեան։ Մենք ունինք հոկտեմբերի 10-ի համատեղ յայտարարութիւնը, որ վերահաստատուած է նաեւ հոկտեմբերի 17-ին եւ հոկտեմբերի 25-ին։ Այդ յայտարարութենէն անդին որեւէ այլ բան չէ համաձայնեցուած»։

Միւս կողմէ, Մնացականեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայնի հետ։ Զրուցակիցները կարեւորեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի վերահսկման համար դրութիւններու հաստատուիլը։ Ըստ Շամփայնի, Գանատա առաջնահերթ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ կրակի դադրեցման, որպէսզի վերջ տրուի մարդկային կորուստներու եւ տառապանքներու։ «Արտաքին ուժերը պէտք է հակամարտութենէն դուրս մնան», ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց Շամփայն եւ ընդգծեց, որ կարեւոր առաջնահերթութիւն մըն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կողմէ հրադադարի վերահսկման դրութիւններու ստեղծուիլը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ պատերազմի շարունակութեան իւրաքանչիւր օրը հիասթափութիւն պիտի բերէ Ատրպէյճանի հանրութեան։ «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ խօսեցաւ Սուրիայէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն Ատրպէյճան տարուած վարձկաններու հարցին շուրջ։ Ան նշեց, որ ըստ կարգ մը տուեալներու, Փաքիստանէն յատուկ ջոկատայիններ ալ կը գտնուին հակամարտութեան գօտիին մէջ՝ Ատրպէյճանի բանակի շարքերուն ներգրաւուած։ Լեռնային Ղարաբաղ, որ միջազգայնօրէն չի ճանչցուիր, այս բոլորին դէմ կը պայքարի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց Արցախի միջազգայնօրէն ճանչցուիլը։

«Էլ Արապիա» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ղարաբաղ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ կը նշանակէ Ղարաբաղ առանց հայերու, ինչ որ ցեղասպանութիւն է»։ Շարունակելով Երեւանէն Անգարային հասցէագրուած քննադատութիւնները՝ Փաշինեան նշեց, որ առկայ պատերազմը տեղի չէր ունենար առանց Թուրքիոյ միջամտութեան։ Այս հարցազրոյցին մէջ ալ ան դիտել տուաւ, որ հիմա արդէն ակնյայտ ու ապացուցուած է, որ վարձկաններ ու ահաբեկիչներ տեղափոխուած են Ատրպէյճան՝ յարձակումը իրականացնելու համար։

Ի լրումն այս բոլորին Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ ալ կատարեց գրառումներ՝ միշտ դիտել տալով, որ հիմա արդէն գոյութիւն ունին ամբողջական ապացոյցներ, ըստ որոնց Սուրիոյ մէջ հազարաւոր վարձկաններ հաւաքագրուած եւ Ատրպէյճան տեղափոխուած են՝ ներգրաւուելով Արցախի դէմ ռազմական բռնութեան։ Ըստ Փաշինեանի, սա միջազգային յանցաւոր ցանց մըն է եւ անոր բացայայտումը չի կրնար անհետեւանք մնալ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2020