ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԼՈՒՐԵՐՈՎ, ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԴԷՊՔԵՐՈՎ ՆՈՐ ՇԱԲԱԹ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ՍԿՍԻ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը շաբաթավերջին շարունակուեցաւ թափով, ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ գիշերը ռազմաճակատի զանազան ուղղութիւններու վրայ մարտական գործողութիւնները ընթացած են տարբեր խտութիւններով։ Կարգ մը կէտերու վրայ Ատրպէյճանի բանակի շարասիւները յայտնաբերուած են եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները դիմած են անհրաժեշտ քայլերու։ Ատրպէյճանի զօրքերը կը շարունակեն հարուածներ հասցնել խաղաղ բնակավայրերու դէմ։ Ռազմաճակատի հարաւ-արեւելեան ուղղութեան վրայ Ատրպէյճան փորձած է զրահապատ զինուորական ինքնաշարժներ մտցնել առաջնագիծ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի գործողութիւններով այդ բոլորը կասեցուած են։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այս առաւօտեան դրութեամբ գործնական-մարտավարական իրադրութիւնը Արցախի Պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան ներքեւ կը գտնուի։

Շաբաթավերջին ռազմաճակատի բոլոր հատուածներէն ներս կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։ Պաքուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի բանակը ցարդ շուրջ 200 բնակավայր ազատագրած է։ Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնէն ներս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան շաբաթ երեկոյեան յայտնեց, որ ռազմաճակատի հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան ուղղութեան վրայ հայկական կողմը ունեցած էր դիրքային որոշ բարելաւում։ Շաբաթ օրուան ողջ տեւողութեան, վաղ առաւօտէն սկսեալ, Ատրպէյճանի բանակը ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով շարունակած է յարձակողական գործողութիւնները։ Առաջնագծի կեդրոնական ուղղութեամբ քանի մը դիրքերու պարագային Ատրպէյճանի բանակը մեծաքանակ հետեւակային զօրքեր շարժման անցուցած է՝ միեւնոյն ժամանակ օգտագործելով հրետանի։ Այս բոլորէն վերջ Ատրպէյճանի բանակը կեդրոնական ուղղութեան վրայ ունեցած է դիրքային որոշ բարելաւում։ Արծրուն Յովհաննիսեան հերթական անգամ ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը ֆոսֆորային զինատեսակներ կ՚ընդգրկեն գործողութիւններուն ժամանակ։ Խօսելով Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած վերջին հրադադարի մասին՝ ան ըսաւ. «Ինչ ալ բանակցին, ինչ ալ համաձայնին, մինչեւ որ չըլլան վերահսկման լիարժէք դրութիւններ, չի կրնար որեւէ լիարժէք հրադադար ըլլալ։ Որովհետեւ շատ առարկայական է, որ նշուի եւ ունենան այն դրութիւնները, որոնցմով հնարաւոր է վերահսկել հրադադարը, ստուգել խախտողը, ինչու չէ, նաեւ ի սկզբանէ յստակեցնել, որ պատերազմին սկսած է Ատրպէյճան»։ Շաբաթ գիշերուայ դրութեամբ ան դիտել տուաւ, որ մարտերու խտութիւնը շատ բարձր չէ եղած, բայց կարգ մը օճախային կռիւներու տեւողութեան տեղի ունեցած են խտացեալ յարձակողական գործողութիւններ Ատրպէյճանի կողմէ։ Երէկ երեկոյեան ալ Արծրուն Յովհաննիսեան սարքեց իր հերթական ասուլիսը, որու ընթացքին օրուայ կտրուածքով ամփոփեց ռազմաճակատի իրադարձութիւնները։ Ըստ իրեն, երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Ատրպէյճանի զօրքերու ահաբեկչական խմբաւորումները, վարձկանները, հրոսախումբերը զանազան ուղղութիւններով շարունակած են յարձակողական գործողութիւնները։ Ըստ էութեան այդ բոլորը փոքր խումբերով յառաջ տարուած են, եղած են օճախային յարձակումներ՝ տեղ-տեղ հրետանիի կիրառումով, որոշ տեղերու մէջ նաեւ օդային յարձակման միջոցներով։ Այս բոլորի լոյսին տակ, ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, ռազմաճակատի որեւէ ուղղութեան վրայ նշանակալի դիրքային փոփոխութիւն մը տեղի չէ ունեցած։

Հայկական կողմը վերջին օրերուն տեսանիւթեր կը հրապարակէ Ատրպէյճանի բանակին ընդգրկուած վարձկաններէն գերեվարուածներու խոստովանութիւններու մասին։ Շաբաթավերջին ալ հրապարակուեցաւ նման տեսանիւթ մը։ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ անդրադարձաւ այս նիւթին։ Իր բացատրութիւններով՝ գերեվարուած երրորդ վարձկան ահաբեկիչը եւս խոստացած է, թէ ինչպէս հաւաքագրուած են ու հասած մինչեւ Ատրպէյճան։ Թէեւ Պաքու պաշտօնապէս այս բոլորը կը հերքէ, սակայն Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ տակաւին բազում անակնկալներ պիտի ըլլան։ «Պէտք է ըսել, որ անոնցմով առաջնագծի վրայ յստակ խնդիրներ կատարելու փորձերը կը վկայեն, թէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ցամաքային ներուժը լրջագոյնս վնասուած է եւ, այսպէս ըսուած, հիմնական յոյսը մնացած են այս վարձկանները», ըսաւ Յովհաննիսեան եւ վերահաստատեց այն լուրերը, թէ Ատրպէյճանի բանակը գիշերուան ժամերուն սպիտակ ֆոսֆոր կիրառած է։

Երէկուան հերթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Արծրուն Յովհաննիսեան դարձեալ խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ դերակատարութեան շուրջ։ Իր բանաձեւումով, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ինչ որ առումով այլեւս գոյութիւն չունին եւ անոնց ղեկավարումը յանձնուած է թրքական բանակին։

Շաբաթավերջի իրադարձութիւններու ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ էին Մարտունիի եւ Ասկերանի ենթարկուած յարձակումները։ Հիւսիսային ուղղութեան վրայ Ատրպէյճան յառաջանալու փորձ իրականացուցած է, սակայն ձախողած։ Աւետարանոց-Սղնախ հատուածին մէջ ալ հայկական ստորաբաժանումները դիմադրութիւն ցոյց տալով պաշտպանած են դիրքերը։ Ստեփանակերտի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը շաբաթավերջին Շուշիի ուղղութեան վրայ ալ կասեցուցած է Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու գործողութիւնները։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով շեշտուեցաւ, թէ Արցախի դէմ ահաբեկիչներու ներգրաւումը ահաբեկչութեան տարածման լիովին նոր դրսեւորում մըն է։ ԵԱՀԿ-ի տարածքին մաս կազմող հակամարտութեան գօտի կը տեղափոխուին Մերձաւոր Արեւելքէ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներ, ինչ որ լուրջ սպառնալիք մըն է միջազգային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան համար։ Երեւան զգուշացուցած է, որ հակամարտութեան գօտի ճիհատիստներու տեղափոխումը կը բացայայտէ Պաքուի ղեկավարութեան նպատակը՝ հիմնախնդրին միջկրօնական բնոյթ վերագրելու ուղղութեամբ։

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով ահազանգ հնչեցուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը քասեթային ռումբերու առընթեր սկսած են ֆոսֆորով զինամթերք օգտագործել։ «Երեսուն տարի առաջ Արցախի ժողովուրդը ընտրած է անկախութեան ուղին՝ որպէս հայ բնակչութեան բնաջնջման Արցախի նպատակաուղղեալ քաղաքականութենէն պաշտպանուելու միջոց։ Համոզուած ենք, թէ Պաքուի իշխանութիւններու կողմէ յանցաւոր ծրագիրը աւարտին հասցնելու շարունակական փորձերու պայմաններուն ներքեւ Արցախի Հանրապետութեան փաստացի անկախութեան միջազգային ճանաչումը համաշխարհային հանրութեան արդիական ու հասունցած միջոց է՝ իրականացնելու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները կանխելու ուղղեալ համընդհանուր ընդունուած պարտաւորութիւնները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Այսպէսով, նոր շաբաթ մը եւս կը սկսի՝ Արցախի լայնածաւալ պատերազմով պայմանաւորուած մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2020