ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Բացի երկկողմանի բնոյթով նիւթերէ, անոնք անդրադարձան բազմակողմանի համագործակցութեան, միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի վերաբերեալ հարցերու։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Լաւրով քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար աշխատանքները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս ու լիազօրութեան ներքեւ՝ յայտնի սկզբունքներու եւ տարրերու հիման վրայ տեւական ու համապարփակ խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար։

Երկուստեք կարեւորուեցաւ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներու դիմագրաւումը։ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։ Ան ընդգծեց նաեւ Արցախի՝ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական կրօնական ու պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը։

Կողմերը անդրադարձան նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած յայտարարութիւններու կեանքի կոչման ընթացքին եւ անոնցմով սահմանուած յանձնառութիւններու իրականացման։

Լաւրով անցեալ շաբաթավերջին Հռոմի մէջ տեսակցած էր Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ՝ քննարկելով Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ձեւաւորման հնարաւորութիւնները։ Նոյնպէս Հռոմի մէջ, ռուս նախարարը տեսակցած էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարին՝ Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ Հարաւային Կովկասի ապագային շուրջ Հռոմի մէջ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։

Միւս կողմէ, Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ ապահոված են աւելի քան 50 ուխտաւորի անվտանգ այցելութիւնը Ամարասի վանք։ Ըստ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան, խաղաղապահները Ստեփանակերտէն մինչեւ Մարտունիի շրջանի վանքը ուղեկցած են ուխտաւորներու, որոնք մասնակցած են կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021