ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԼԱՍՔՈՎԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ՝ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային պայմանագրի (COP26) ստորագրադիր երկիրներու 26-րդ համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Կլասքովի մէջ, Անգլիա։ Միեւնոյն ժամանակ, ան մասնակցութիւն բերաւ զուգահեռաբար կազմակերպուած Համաշխարհային առաջնորդներու գագաթաժողովին։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, համաժողովի շրջանակներէն ներս Արմէն Սարգսեան զրոյցներ ունեցաւ աշխարհի շարք մը յառաջատար երկիրներու ղեկավարներուն հետ. ինչպէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ, Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակի, Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն, Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լիւվէն, Աւստրիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Շալենպերկ, Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համիտ էլ Թանի, Մոնաքոյի արքայազն Ալպէր Բ., Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ, Արժանթինի նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտեզ, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի, Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆէթթահ Էլ Սիսի, Խրղզիստանի նախագահ Սատիր Ճափարով, Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Սավիէ Պերթել, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես եւ այլք։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021