ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՂԵԳԻԾ ԸՆՏՐԵԼՈՒ ԱՆԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ

Մինչ համայն աշխարհ կ՚ապրի իր ամենէն դժուար ժամանակաշրջաններէն մէկը, ինչպէս յայտարարեց ներկայի աղէտալի կացութեան գլխաւոր դերակատարներէն Փութին, բայց եւ այնպէս, այդ աղէտալի համայնապատկերին մէջ ա՛լ աւելի ճակատագրական է հայութեան իրավիճակը։ Ուղղակի գոյութենական հարց է դրուածը։

Ճակատագրական նման անկիւնադարձերու՝ ընդհանրապէս, բայց մա՛նաւանդ ինչ կը վերաբերի հայ աշխարհին, կարեւորագոյն գրաւականը կը մնայ ճի՛շդ ռազմավարութեան եւ ճի՛շդ դաշնակիցի ընտրութիւնը։

Ռազմավարութիւնը բովանդակային առումով աւելի սպառիչ հասկացութիւն մըն է. կը կարօտի տարիներու, տասնամեակներու՝ նախանշուած տարրերը քով-քովի բերելով փափաքելի նպատակին հասնելու համար։ Փաստօրէն անկախութեան 31 տարիներուն ձախողած ենք այդ գործը, նոյնիսկ եթէ այդ ձախողութեան ետին չթաքնուելով՝ յարատեւօրէն պէտք է շարունակել աշխատանքը այդ ուղղութեամբ։

Ուրեմն ներկայի նեղ ժամանակամիջոցին մեզի կը մնայ դիւանագիտութիւնը, ճի՛շդ դիւանագիտութիւնը։

Եւ հոս կը ծագի հարց։ Ինչպիսի՞ դիւանագիտութիւն որդեգրել։ Դիւանագիտական ո՞ր ուղեգիծը ընտրել։

Որքան որ մեզի տեսանելի է՝ Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս հայութեան համար՝ կատարեալ թնճուկի մը վերածուած է դիւանագիտական բնագաւառը։ Անքակտելի թնճուկ մը։ Այլեւս ոչ մէկ բան յստակ է. ո՛վ ի՛նչ կ՚ըսէ, ի՛նչ կը խոստանայ, ինչի՛ յանձնառու կ՚ըլլայ, ո՛վ ի՛նչ յետին նպատակ կը հետապնդէ… ոչ մէկ բան ակներեւ է։ Բնականաբար, վարկածները, ենթադրութիւնները չեն պակսիր դիւանագիտական իւրաքանչիւր ուղեգիծի մասին, ան ըլլա՛յ ռուսական, եւրոպական, թէ ամերիկեան… բայց միթէ կարելի՞ է շարժիլ վարկածներով, ենթադրութիւններով։

Ասոր վերջին եւ լաւագոյն օրինակ հանդիսացան Ռուսաստանի նախագահին յայտարարութիւնները՝ Արցախեան հարցին եւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան մասին։ Մինչ հայկական շրջանակներու մէջ վերջերս հակառուսական բաւական ստուար հոսանք մը ծայր առած է Մոսկուայի՝ դաշնակիցի վայել գործելակերպէ շատ հեռու վարքին պատճառով, Փութին ի շարս այլ պնդումներու՝ ըսաւ, թէ Արցախեան հարցի ուաշինկթընեան տարբերակը կը նախատեսէ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչում՝ Արցախի վրայ։ Եւ յայտարարեց. «Եթէ այդ է, որ կ՚ուզեն Հայաստանի իշխանութիւնները, խնդրեմ թող այդ ուղին ընտրեն»։

Թուաբանութեան եւ ընդհանրապէս ճշգրիտ գիտութիւններու տրամաբանութեամբ՝ այս յայտարարութիւնը թոյլ պիտի տար հետեւցնել, որ եթէ ուաշինկթընեան տարբերակէն հրաժարինք եւ ընդունինք մոսկովեանը՝ ուրեմն կարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ հայոց համար աղէտալի այդ հետեւանքէն։

Բայց իսկապէս այդպէ՞ս է։ Ոչ մէկ երաշխիք կայ այդ մասին։ Մէկէն հրաժարելով ու միւսին փարելով՝ բարւոք իրավիճակի յանգելու ոչ մէկ խոստում կայ։ Աւելին, Մոսկուա իր վերջին քայլերով (յա՛տկապէս ատրպէյճանական յարձակումներուն նկատմամբ ցուցաբերած առնուազն՝ թոյլտուութեամբ) ապացուցած է, որ այնքան ալ մտահոգուած չէ խնդիրներու հայանպաստ հանգուցալուծմամբ։

Հապա ներհայկական իրավիճակը, անկախ՝ տիրող քաղաքական ապառողջ, չըսելու համար քաոսային մթնոլորտէն։ Երեւան ու Ստեփանակերտ ակնյայտօրէն այլեւս բոլորովին իրարու հակոտնեայ դիրքորոշումներ ունին։ Արայիկ Յարութիւնեան եւ իր պատուիրակութիւնը Երեւան կ՚երթան խորհրդակցելու՝ հայաստանեան իշխանութիւններուն հետ ու Ստեփանակերտ վերադարձին՝ փողոց կ՚իջնեն Արցախի արդար պահանջներով, Հայաստանի կառավարութեան ալ յղուած գրեթէ անթաքոյց ազդարարութիւններով։

Այո՛, պահը ճակատագրական է եւ ներկայի պայմաններուն մէջ՝ ամենէն մտահոգիչ երեւոյթն ալ հո՛ս կը կայանայ՝ դիւանագիտական ուղեգիծ ընտրելու անկարելիութեան մէջ, մինչ՝ ճի՛շդ ուղեգիծը պէտք է հանդիսանար փարոս մը՝ փոթորիկի բռնուած նաւուն համար։

Ա. Դ.

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2022