«ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏ»

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը բացուեցաւ «Միջնադարեան Հայաստանի հմտութիւններ, արուեստ եւ արհեստ» ցուցասրահ-տարրալուծարանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, միջնադարեան կեանքի եւ մասնագիտութիւններու վերաբերեալ զանազան ձեւաչափերու այս տարրալուծարանէն ներս հնարաւոր կ՚ըլլայ մասնակցիլ՝ ձեռագրերու բաղադրատոմսերուն համապատասխան զանազան ապրանքատեսակներու ստեղծման։ Այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է Եւրոմիութեան Հայաստանի առաքելութեան գանձատրմամբ։ Ան մաս կը կազմէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Քաթափուլթ» ստեղծարար նախագծին։

Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան արարողութեան ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան տեղեկացուց, որ շուտով կառոյցէն ներս ձեռնարկուած կրթական ծրագրերու թիւը կը գերազանցէ մէկ տասնեակը, անոնց շարքին կ՚առանձնանայ այս մէկը։

Հանդիսութեան ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Եւրոմիութեան Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար դեսպան Վասիլիս Մարակոս եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Ալֆրէտ Քոչարեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2024