ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ ապրուե­ցաւ պայ­թում մը։ Պայ­րամ­փա­շա­յի մէջ պա­տա­հե­ցաւ դէպ­քը, ո­րու հե­տե­ւան­քով մէկ հո­գի վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։  Ոս­տի­կա­նա­կան օ­թօ­պիւս­նե­րու անց­քի ուղ­ղու­թեան վրայ պայ­թե­ցաւ կտո­րա­յին ազ­դե­ցու­թեամբ ռումբ մը։ «Ա­նա­տոլու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով պայ­թու­մը ապ­րուե­ցաւ Պայ­րամ­փա­շա­յի մեթ­րո­յի կա­յա­րա­նի մօ­տա­կայ­քին։ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հին յայտ­նեց, որ բո­լոր վար­կած­նե­րը հա­շուի կ՚առ­նուին այս դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Մեր­ձա­կայ ինք­նա­շարժ­նե­րը եւս վնաս կրե­ցին այս պայ­թու­մին պատ­ճա­ռով։

Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս ան­ցաւ ա­հա­զան­գա­յին դրու­թեան՝ ձեռ­նար­կուած հար­ցաքն­նու­թեան շըր-ջագ­ծով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015