ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ՝ ՀԷՔԵԱԹՆԵՐՈՎ

Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ու­շագ­րաւ փո­փո­խու­թիւն մը կա­տա­րած է՝ նա­խակր­թա­րա­նի չոր­րորդ դա­սա­րա­նին պար­տա­դիր դա­սա­ւան­դուող «Մար­դու ի­րա­ւունք­ներ, քա­ղա­քա­ցիու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն» ա­ռար­կա­յի դա­սագր­քին մէջ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ եւս ար­ձա­գանգ գտած է այս փո­փո­խու­թիւ­նը, ո­րու հի­ման վրայ մար­դու ի­րա­ւուք­ներն ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը մա­նուկ­նե­րուն պի­տի բա­ցատ­րուի թրքա­կան, քրդա­կան, հայ­կա­կան եւ այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հէ­քեաթ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ։ Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան մէջ ան­նա­խըն­թաց գոր­ծադ­րու­թիւն մըն է այս մէ­կը։ Սոյն կար­գադ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուած է կրթա­կան մշակ-գրող Ֆէյ­զիօղ­լուի ա­ռա­ջար­կին հի­ման վրայ։ Ան կը բնա­կի Գեր­մա­նիոյ մէջ եւ ե­րե­սուն­հինգ տա­րիէ ի վեր աշ­խա­տանք տա­րած է այս ուղ­ղու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015