ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Աֆղանիստանի մէջ իրականացուող «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։ Այս առթիւ ան շեշտեց, թէ յիշեալ առաքելութեան սկիզբէն գրեթէ տարի մը անց Աֆղանիստանի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ փխրուն, մարտահրաւէրները առկայ են, իսկ կարողութիւններու բացը տակաւին պէտք է լրացնել։ «Աֆղանիստանի ժողովուրդը կը շարունակէ զգալ մեր աջակցութեան կարիքը», ըսաւ Նալպանտեան եւ աւելցուց, թէ այդ երկրի կայունութեան համար շարունակական միջազգային աջակցութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ շարք մը պատճառներով։ «Անվտանգութեան սպառնալիքները ոչ միայն Աֆղանիստանի մէջ, այլ նոյնիսկ այնպիսի վայրերու մէջ, որոնց մասին մենք չէինք կրնալ անցեալի մէջ պատկերացնել, բացայայտ ցոյց կու տան, որ մեր առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր միայն որոշ աշխարհագրական տարածքաշրջանով կամ իրավիճակով, այլ խօսքը կը վերաբերի կլոպալ մարտահրաւէրներու, ինչ որ կը պահանջէ միասնական համաձայնեցուած արձագանգ», ըսաւ Նալպանտեան եւ աւելցուց, թէ այս ըմբռնումով էր, որ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ Հայաստան սկսաւ բերել իր մասնակցութիւնը խաղաղապահ առաքելութիւններուն՝ Քոսովայի, Իրաքի, Աֆղանիստանի, Լիբանանի եւ Մալիի մէջ։ Նախարարը մէջբերեց նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ խաղաղապահ առաքելութիւններու հարցերով օգնականին կողմէ վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որու Հայաստանի աջակցութիւնը կարեւոր է ոչ միայն իր ներդրման համար, այլեւ հայոց պատմութեան եւ անոր ընթացքին յաղթահարուած մարտահրաւէրներուն տեսանկիւնէն։ Նալպանտեան շարունակեց. «Յիրաւի, պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ մէկուն անվտանգութիւնը, ըստ էութեան, կապուած է միւսներուն հետ։ Եւ նոյնիսկ մեր սահմաններուն առկայ լարուածութիւնը երբեք չթուլացուց վճռականութիւնը՝ մեր ներդրումը բերելու աշխարհի վրայ խաղաղութեան ամրապնդման գործին մէջ»։
Ելոյթին տեւողութեան Նալպանտեան շեշտեց, որ յառաջիկայ տարի հայկական զօրախումբը ներկայ մակարդակով պիտի շարունակէ իր միջազգային յանձնառութիւնը «Վճռական աջակցութիւն» առաքելութեան շրջանակներէն ներս։ Հայկական կողմը պատրաստակամ է նաեւ մասնակցիլ «Տեւական գործընկերութիւն» առաքելութեան, երբ այս վերջինը պիտի փոխարինէ «Վճռական աջակցութիւն»ը։ «Մենք նաեւ պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնը Աֆղանիստանի մէջ ներքին ընդգրկուն խաղաղութեան ապահովման գործընթացին, բարիդրացիական յարաբերութիւններու խթանման, ինչպէս նաեւ՝ տարածքաշրջանային համագործակցութեան։ Մենք համոզուած ենք, որ ի վերջոյ միասին յաջողութիւն պիտի արձանագրենք՝ Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ՝ ի շահ Աֆղանիստանի ժողովուրդին, տարածքաշրջանին եւ անկէ դուրս», յայտնեց Եդուարդ Նալպանտեան։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան երէկ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Մարկոթ Վալսթրէօմի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Նալպանտեան նշեց, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կը ցուցաբերէ Շուէտի հետ համագործակցութեան զարգացման նկատմամբ՝ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներէն ներս։ Ըստ իրեն, վերջին տարիներուն զգալիօրէն աշխուժացած են հայ-շուէտական յարաբերութիւնները, ինչ որ արտացոլուած է փոխադարձ այցելութիւններու եւ քաղաքական երկխօսութեան ստացած թափով։ Նախարարները քննարկեցին բարձր մակարդակով փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպման, միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ համագործակցութեան սերտացման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման շուրջ հարցեր։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ։ Նախարարները անդրադարձան միջազգային հրատապ խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուած ջանքերուն։ Նալպանտեան Վալսթրէօմին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը։