ԱԼԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովը։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ «Մենք կը յարգենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու ուղղեալ Ռուսաստանի կամքը», ըսաւ Չավուշօղլու ռուս պաշտօնակցին հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Ալանիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ ռազմավարութեան ծրագրաւորման խումբի ժողովը, որուն շրջագծով տեսակցեցան երկու նախարարները։ Այս հանդիպումը համընկնեցաւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի Մոսկուա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին։
Երէկուան քննարկումներուն ընթացքին առաջնահերթօրէն շօշափուեցաւ Սուրիոյ ճգնաժամը։ Լաւրով անդրադարձաւ վերջերս «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն շրջագծով նահատակուած թուրք զին-ւորներու խնդրին։ Ան պարզաբանեց, որ այդ դէպքին հետ որեւէ ձեւով կապ չունին Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ զինեալ ուժերը։ Չավուշօղլուն ալ մատնանշեց, որ Սուրիոյ մէջ վերջնական լուծման համար թրքական կողմը միշտ ընդգծած է Ռուսաստանի շինիչ դերակատարութիւնը։ Երկու նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան հրադադարի հաստատման եւ Հալէպ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու խնդրիներուն շուրջ։
Միւս կողմէ, Լաւրովի այցելութեան սեմին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան պարզաբանումներ տուած է իր վերջին յայտարարութեան շուրջ, ըստ որու Թուրքիա մուտք գործած է Սուրիա՝ Պեշար Էսատը գահընկէց ընելու համար։ Քրեմլինի աղբիւրները չեն մեկնաբանած, որ Վլատիմիր Փութին այս լուսաբանութիւններով բաւարարուա՞ծ է, թէ ոչ։ Իսկ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ «Եփրատի վահան» գործողութեան թիրախը անձ մը կամ երկիր մը չէ, այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններն են։