ԵԸԼՏԸՐԸՄ ԵՒ ՊԱՀՉԵԼԻ ՀԱՍԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեվ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ ՄՀՓ մի­ջո­ցէ մը ի վեր աշ­խա­տանք կը տա­նին Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման նիւ­թին շուրջ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու հան­դի­պու­մը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ՝ հան­րա­յին կար­ծի­քին յայ­տա­րա­րե­լու հա­մար, որ այդ աշ­խա­տան­քը հա­սուն­ցած է վերջ­նա­կա­նօ­րէն։ Եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ար­դիւն­քի մը հա­սած են Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը բա­րե­փոխ­ման են­թար­կե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Այս­տեղ հիմ­նա­կան նպա­տակն է նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան հաս­տա­տուի­լը։

Պահ­չե­լի ե­րէ­կուան հան­դի­պու­մէն վերջ յայտ­նեց, որ Եըլ­տը­րը­մի հետ տե­սակ­ցու­թիւ­նը ան­ցած է դրա­կան։ Իր կար­գին, վար­չա­պետն ալ մատ­նան­շեց, որ վեր­ջին քա­նի մը ման­րա­մաս­նու­թեան վրայ աշ­խա­տանք պի­տի տա­րուի, իսկ ա­ւե­լի վերջ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան ա­ռա­ջար­կը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016