ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ Կ՚ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՀԱՒԱՔ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՊԱՍՏԱՆ ԳՏԱԾ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱՐ
Հալէպահայ երէց սերունդէ յայտնի մտաւորական Թորոս Թորանեան, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Երեւան, վերջերս զրուցեց «Արեւելք» կայքէջին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր հետ կատարուած տեսակցութիւնը, որու ընթացքին շեշտած է, որ Սուրիոյ գաղութը պիտի պահպանուի՝ Հայաստանի համար։
«Հոս բազմաթիւ սուրիահայեր կան, պէտք է միասին նստինք, խօսինք, թէ ի՞նչ կրնանք ընել օգնելու մեր հայրենակիցներուն», յայտնեց Թորոս Թորանեան, առաջարկելով Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու հաւաք մը կազմակերպել, քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապալից իրադարձութիւններէն ետք հայորդիներուն վիճակը, ըլլան անոնք Սուրիա կամ Հայաստան եւ իւրաքանչիւրը ներկայացնէ իր օժանդակութեան կարելիութիւնները:
«Ըստ տեղեկութիւններուս, Հայասատան տեղափոխուած են 17 հազար սուրիահայեր: Անոնց համար պէտք է ապահովուին բնակարաններ, որովհետեւ անոնցմէ շատեր վարձք վճարելու կարողութիւնը չունին: Ուրիշներ Սուրիոյ մէջ սեփականութիւններ ունին, պէտք է ձեւ մը գտնուի, օգնելու համար մանաւանդ անոնց, որոնք կը փափաքին իրենց ստացուածքը վաճառել եւ հաստատուիլ Հայաստանի մէջ», ըսաւ ան:
Հալէպը իբր մայր գաղութ պահպանման գաղափարին շուրջ խօսելով՝ Թորանեան ըսաւ. «Գաղութը պէտք է պահ-պանուի, որովհետեւ ան Հայաստանի համար պէտք է: Չէ եղած գիշեր մը, որ չլուսնայ: Ճիշդ է, շատ զոհեր կան, բայց այս պատերազմը անպայման վերջ մը ունի: Ամէն պարագայի, եթէ գաղութ մը պիտի պահպանուի, պէտք է Հայաստանի համար ըլլայ անիկա, եթէ ոչ, կարիքը չկայ անոր, թող կործանի»:
Վերջերս Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հալէպ ուղարկուած օժանդակութիւններուն մասին իր կարծիքը յայտնելով երեւանաբնակ Թորանեան ըսաւ. «Շատ լաւ երեւոյթ է, որ Հայաստանը կրնայ օգնել հալէպահայութեան: Հալէպի մէջ մնացող հայութիւնը մեր գնահատանքին արժանի է, որովհետեւ գաղութը պահել կ՚ուզեն: Գաղութները Հայաստանին պէտք են: Հայաստանի այս քայլն ալ շատ կարեւոր էր, որպէսզի կարողանանք արաբ հանրութեան մօտ Հայաստանի նկատմամբ դրական կարծիք ստեծել»:
Թորանեան երբեք յուսահատած չէ սուրիական արհաւիրքի աւարտին, թէկուզ քիչ մը ուշ: Ան ըսաւ. «Մենք տեսած ենք 7-ամեայ, 30-ամեայ պատերազմներ, համաշխարհային ծաւալով պատերազմներ, բայց ի վերջոյ աւարտած են: Այս պատերազմն ալ, եթէ վերջ գտնէ, Սուրիան պիտի վերականգնի, բայց շատ երկար պիտի տեւէ այդ աշխատանքը»:
«Մենք Հալէպի մէջ արաբներուն հետ հարիւր տարի ապրած ենք: Նոյնիսկ կան հայ ընտանիքներ, որոնք վեց հարիւր տարիէ ի վեր հոն կ՚ապրին, օրինակ՝ Սապպաղեան ընտանիքը, որոնք տակաւին հայախօս են: Տեղւոյն արաբները կամեցող, հիւրասէր եւ ազնիւ մարդիկ են: Անոր ապացոյցը տալու համար շատ օրինակներ կարելի է բերել, մեր սեփական կեանքէն: Օրինակ՝ առաւօտ մը ինքնաշարժիս վրայ գտայ թուղթ մը, որուն վրայ կար հետեւեալ գրութիւնը՝ «Յարգելի տոքթոր, ես օթօս դէպի ետեւ տարած ատեն լոյսը կոտրեցի, թիւս այս է, որքան որ է վնասը, պատրաստ եմ հատուցելու»: Յաջորդ օրը, երբ հանդիպեցայ նոյն անձին՝ ան ըսաւ. «Հայերէն զատ լաւ ժողովուրդ չկայ աշխարհի վրայ, հայերը լաւ ժողովուրդ են»։ Բայց իրականութեան մէջ այդ թուղթի կտորը ձգելով՝ ան փաստեց իր ազնիւ մօտեցումը», շարունակեց Թորանեան ու եզրափակեց. «Արաբներուն հետ մեր դրացիական յարաբերութիւնները շատ լաւ էին: Դուրսէն եկողներն են, որ հարցեր ստեղծեցին: Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ ո՛վ ըրաւ այս պատուհասը: Միայն ժողովրդավարութեան մասին կը խօսին, բայց իրենք այդ արժէքներուն դէմ են, որ կը կռուին»: