ՀԱՅ ՄԵԾԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅՈՒՆԱՐԷՆՈՎ
Յոյն շնորհալի բանաստեղծ ու հայ մշակոյթի մեծ սիրահար Քուլիս Ալեփիսի «Արմենիքի մուսա» երկերու հաւաքածոն, իր սկզբնական հրատարակութենէն 78 տարիներ ետք, դարձեալ լոյս կը տեսնէ՝ «Արմենիքա» եռամսեայի կողմէ վերահրատարակութեամբ:
Քուլիս Ալեփիսի կողմէ զգայուն վարպետութեամբ յունարէնի թարգմանուած հայ բանաստեղծներու քերթուածները գերազանց հաւաքածոյ մը կը կազմեն, ուր կը տողանցեն հայ մեծագոյն բանաստեղծներու հոգիներէն բխած հայաշունչ կտորներ:
Յոյն բանաստեղծի հոյակապ աշխատանքը օրին ընդունուած էր մեծ խանդավառութեամբ, յոյն մտաւորական ու մշակութային շրջանակներուն կողմէ:
Նոր ու արդիական հրատարակութիւնը իր շարքի չորրորդն է 1938-ի սկզբնական, ապա՝ 1939-ի ու 1956-ի վերահրատարակութիւններէն ետք:
ՔՈՒԼԻՍ ԱԼԵՓԻՍ ԵՒ «ԱՐՄԵՆԻՔԻ ՄՈՒՍԱ»
«Հետաքրքրական է, թէ ինչպէ՛ս բանաստեղծութիւնը, որ իրապէս այնքան քիչ ան-հըրաժեշտ է մարդոց, համաշխարհային ար-ւեստի մէջ այնքան բարձր դիրք կը գրաւէ: Բանաստեղծութիւնը հոգիներու երաժշտութիւնն է, մանաւանդ՝ զգայուն ու վեհ հոգիներու»:
Ֆրանսացի բանաստեղծ Վոլթերի այս խօսքերուն համահունչ անձնաւորութիւն մը՝ Քուլիս (Քիրիաքոս) Ալեփիս Յունաստանի Լաքոնիայի Արէոփոլիս քաղաքին մէջ ծնած է 1903-ին: Աթէնքի մէջ իրաւագիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն ուսանելէ ետք, ան բանաստեղծութիւններ կը սկսի հրատարակել յունական հանդէսներու մէջ:
27 տարեկան հասակին ան պաշտօն կը ստանձնէ Արղոսի տնտեսական նախարարութեան մէջ, ուր կը սիրահարի երիտասարդ աղջկան մը, որ սակայն կը տառապի թոքախտէ: Քուլիս Ալեփիս օրական կ՚ընկերանայ իր սիրահարին՝ մինչեւ ճակատագրական վերջը: Այդ ժամանակ կը յղանայ իր ամենէն ծանօթ բանաստեղծութիւնը, որ յոյն գրական շրջանակներուն կողմէ կ՚ընդունուի որպէս յունական բանաստեղծութեան գլուխ գործոցներէն մին:
Աղջկան վաղաժամ կորուստը, տխրութիւնն ու մելամաղձոտութիւնը իրենց ծանր կնիքը կը ձգեն զգայուն բանաստեղծի սրտին վրայ՝ իր կեանքը նշանաւորելով մինչեւ իր մահը:
1935-ին, Քոսթիս Փալամասի դրդումով, ան կը սկսի սերտել հայ մշակոյթի գոհարները՝ կարդալով հայ բանաստեղծներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնները: Առաջին ծանօթութեան խանդավառութիւնը աւելի կը խորանայ, երբ փափաքելով աւելի եւս տեղեկանալ այս մասին, կ՚այցելէ «Նոր Օր» օրաթերթի խմբագրատունը, ուր կը հանդիպի երիտասարդ խմբագիր եւ բանաստեղծ Վազգէն Եսայեանին:
Այս հանդիպումը ճակատագրական կը դառնայ երկուքին համար, քանի որ խոր արմատներով երկար բարեկամութեան մը կը յանգեցնէ: Երկու երիտասարդ բանաստեղծներուն հանդիպումները կը դառնան ծայր աստիճան հոգեդղորդ, մանաւանդ որ Վազգէն Եսայեան կը յորդորէ Քուլիս Ալեփիսը, որ հայերէն սորվի եւ սկսի յունարէնի թարգմանել հայկական բանաստեղծութիւնները: Այս գաղափարը մեծապէս կը խանդավառէ Քուլիս Ալեփիսը, որ անսովոր եռանդով կը սկսի շուտով հմտանալ հայերէնին մէջ (ան արդէն կը խօսէր լատիներէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն):
Անոր ջանքերուն արդիւնքը կ՚ըլլան հայ բանաստեղծներու հոյակապ թարգմանութիւնները, որոնք հատուածաբար լոյս տեսնելէ ետք գրական տարբեր հանդէսներու մէջ, կ՚ամփոփուին «Արմենիքի մուսա» խորագիրը կրող հաւաքածոյի մը մէջ՝ հայ քնարական աշխարհը ներկայացնելով յոյն հասարակութեան: Յոյն բանաստեղծին աշխատանքը մեծ խանդավառութեամբ կ՚ընդունուի յոյն մտաւորական ու մշակութային շրջանակներուն կողմէ՝ ստիպելով Քուլիս Ալեփիսին, որ 1936-ի սկզբնական հրատարակութենէն ետք, երկրորդ ու երրորդ հրատարակութիւններ կատարէ 1938-ին եւ 1956-ին:
«Արմենիքի մուսա»ն կը բովանդակէ՝ Դանիէլ Վարուժանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Պետրոս Դուրեանի, Վահան Թէքէեանի, Գէորգ Կառվարենցի, Քամառ Գաթիպայի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Եղիշէ Արք. Դուրեանի, Արշակ Չոպանեանի, Մեծարենցի եւ ուրիշ գրողներու ստեղծագործութիւններու թարգմանութիւններ: Քուլիս Ալեփիս փորձած է ծանօթացնել հայ սիրուած բանաստեղծներու գործերը՝ արժանաւորապէս գնահատելով անոնց արուեստագէտի խառնուածքը, իւրաքանչիւրի կեանքի պայմաններուն ընդմէջէն: