ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՄԱՅՔ ՓԵՆՍԻ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազրոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նո­րըն­տիր փոխ-նա­խա­գահ Մայք Փեն­սի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մե­րի­կեան կող­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։

Սերժ Սարգ­սեան ան­գամ մը եւս շնոր­հա­ւո­րեց ԱՄՆ-ի նո­րըն­տիր Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի եւ իր խում­բին ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով տա­րած յաղ­թա­նա­կը։ Ան մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն­ներ՝ պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Զրու­ցա­կից­նե­րը ընդգ­ծե­ցին, որ ԱՄՆ-ի նոր վար­չա­կազ­մին օ­րով հայ-ա­մե­րի­կեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ներ­կայ բարձր մա­կար­դա­կը, թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ տնտե­սա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ, ոչ միայն պի­տի պահ­պա­նուի, այլ նոր թափ պի­տի ստա­նայ։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րութեան ա­ռար­կայ օ­րա­կար­գա­յին հար­ցե­րու, նե­րա­ռեալ՝ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016