ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԱՆԻ ՔԱՂԱՔԻ ՄԱՍԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ
Օթթաուայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած էր միջնադարեան Անի քաղաքին։ «Ճանապարհորդութիւն դէպի Անի» խորագրեալ լուսանկարները ներկայացուեցան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի մասնաճիւղի ղեկավար Մկրտիչ Մկրտիչեանի կողմէ։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անիի վերաբերեալ նկարներու ցուցադրութեան մասնակցեցան Գանատայի գեղարուեստական գործիչներու շրջանակներէն դէմքեր, ինչպէս նաեւ հասարակական-քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ եւ գանատահայ համայնքէ ներկայացուցիչներ։
Ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Օթթաուայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Մկրտիչ Մկրտիչեանի գործունէութեան մասին։ Դեսպանը անդրադարձաւ նաեւ Անի քաղաքի մեծագոյն մշակութային ժառանգութեան նշանակութեան։
Մկրտիչ Մկրտիչեան ներկայացուց Անի քաղաքի պատմութիւնն ու ճարտարապետութիւնը՝ լուսանկարներու միջոցաւ ցուցադրելով եկեղեցիներու եւ այլ ճարտարապետական կոթողներու՝ իր այցելութիւններուն ժամանակ իր իսկ կողմէ նկարահանուած համայնապատկերները։