ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Պէյրութի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ Հայկազեան հայագիտական համալսարանին կողմէ հրատարակուող «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 37-րդ թիւը։ Սոյն հատորին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի, համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեանի, կրթական ու մամլոյ մշակներու եւ բարեկամներու։ Նախորդ 26 տարիներուն «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի պատասխանատու խմբագիրը եղած էր Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան։ Հանդէսի 37-րդ թիւը լոյս տեսաւ իր վախճանումէն հազիւ օրեր վերջ։ Ուստի, 37-րդ հատորի շնորհանդէսը միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ վերյիշելու բազմամեայ խմբագիրը եւ երախտագիտութեան տուրք մատուցելու անոր նկատմամբ։ 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2017