ԴԷՊԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար այս շաբաթավերջին մեր համայնքի անդամները պիտի երթան քուէատուփի գլուխ։ Բախտորոշ գործընթացի եզրափակիչը հետզհետէ կը մօտենայ, մինչ համայնքէն ներս կը շարունակուի մեծ եռուզեռ մը։

Այս մթնոլորտին մէջ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորած Մանիշակագոյն շարժաման պատգամաւորի թեկնածուները շաբաթավերջին արժեւորեցին ցարդ իրենց կողմէ տարուած աշխատանքը։ Այսպէս, Մանիշակագոյն շարժման պատգամաւորի թեկնածուները, զօրակիցները, համախոհներն ու համակիրները շաբաթ երեկոյեան մեծ հաւաք մը իրականացուցին Գումգաբուի մէջ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Ներկայ էր նաեւ տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

Հաւաքի առաջին փուլին Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան իւրաքանչիւր ընտրաշրջանէ ներս ցարդ կատարուած աշխատանքին շուրջ ամփոփ տեղեկութիւններ քաղեց պատգամաւորի թեկնածուներէն։ Նորին սրբազնութիւնը այս խորհրդակցութեան աւարտին յորդորեց պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ միշտ մնալ զուսպ եւ չափաւոր։ Խորհրդակցութեան աւարտին, հաւաքի երկրորդ փուլին «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որու ընթացքին սեղաններուն շուրջ կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն։

Միւս կողմէ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ արարողութեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2019