«ԱԼՄԱՍՏ» ՕՓԵՐԱՅԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը հանդէս կու գայ հետաքրքրական նախաձեռնութիւններով։ Այսպէս, չնայած համավարակին, պատերազմին, մշակութասէր հանրութեան աջակցելու նպատակով Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը կը շարունակէ բուռն գործունէութիւն ծաւալել: Տուն-թանգարանի երդիքին տակ կ՚իրականացուին կրթական-ճանաչողական ծրագրեր, ցուցահանդէսներ եւ այլ միջոցառումներ, որոնք այցելուներուն հնարաւորութիւն կու տան մշակոյթի միջոցով դրական լիցքեր ստանալ ու չընկճըւիլ:

«Արմէնփրէս»ի թղթակից Անժելա Համբարձումեանի հետ զրոյցի ընթացքին տուն-թանգարանի հանրային կապերու պատասխանատու Մարիամ Հովունի ըսաւ, որ շարք մը նախաձեռնութիւններով  հանդէս եկած են առցանց հարթակներու վրայ: «Նոր գործելաոճ, նոր գործիքակազմ, թանգարանի համար նոր աշխատանքային օրակարգ: Ուրախ ենք, որ կարողացանք թէ՛ հետեւորդներու մեծ բանակը համալրել նորերով եւ թէ մեր ծրագրերու միջոցով կեանքի կոչել տուն-թանգարանի նպատակները: Թանգարանը վերջերս համալրուեցաւ նոր «Երեք արմաւենի» կրթական ծրագրով: Միխայիլ Լերմոնտովի համանուն պատմուածքի հիման վրայ գրուած Ալեքսանդր Սպենդիարեանի սիմֆոնիք պատկերի ստեղծման հետաքրքրական պատմութիւնը որոշեցինք իրականացնել պատկերազարդ ֆիլմաշարի տեսքով՝ վստահ ըլլալով, որ այն մնայուն  նուէր կրնայ ըլլալ մեր սիրելի փոքրիկներու համար», պատմեց Հովունի:

Ան ընդգծեց, որ դեկտեմբերի 1-2-ին կը ներկայացնեն «Ալմաստ» կրթական ծրագիրը եւ խաղ-ծրագիր մը, որոնց փակագիծերը դեռ չեն բանար:

Անդրադառնալով Սպենդիարեանի յոբելեանին նուիրուած միջոցառումներուն՝ Հովունի յիշեցուց, որ  ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլխաւոր համաժողովին 40-րդ նստաշըր-ջանի ընթացքին որոշուած է յօրինողի 150-ամեակը ներառել աշխարհահռչակ մարդոց տարեդարձերու եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 2020-2021 թուականներու կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ: Տուն-թանգարանը ունի հետաքրքրական գաղափարներ, որոնց մէկ մասը իրականացուցած է: Որոշ նախաձեռնութիւններու մասին արդէն մօտ ատենէն կը յայտնեն: Կան մտայղացումներ, որոնք դեռ աշխատանքային քննարկումներու փուլի մէջ են:

«Բոլորը գիտեն, որ մշակոյթը հոգեբանական դժուարին իրավիճակներէ դուրս գալու լաւ միջոց մըն է: Դժուար է ըսել, թէ համավարակէն, պատերազմէն յետոյ որքանով մշակոյթը կը կարողանայ ընել իր գործը, բայց միանշանակ է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը այսօր կը ջանայ նոր գաղափարներով, նախագիծերով օգնել հասարակութեան՝ դուրս գալու համար այս բարդ իրավիճակէն: Հարկ կը համարեմ տեղեկացնել, որ արցախցի երեխաներու համար կարողացանք իրականացնել շուրջ 6-7 միջոցառում: Տուն-թանգարանը «Հիկարի» հայ-ճաբոնական գիտական, կրթական, մշակութային կեդրոնի հետ համատեղ կազմակերպած էր «Խաղաղութեան կռունկներ» միջոցառումը, որու շրջանակէն ներս արցախցի երեխաները պատրաստեցին յօրինողի՝ մանուկներու կողմէ սիրուած օրիկամիները, ինչպէս նաեւ վայելեցին անոր սեփական բաղադրատոմսով պատրաստուած քաքաոն։ Օրիկամիները նախատեսուած են մեր սիրելի զինուորներու համար եւ կը հասնին անոնց, իսկ ահա քաքաոյէն ստացուած հասոյթը կը փոխանցուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին», ըսաւ Հովունի ու խոստովանեցաւ, որ երեխաներու ժպիտը, ամէն մէկ արձագանգը կը խօսին այն մասին, որ այո՛, մշակոյթը  կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ հանրութեան կեանքին մէջ, նոյնիսկ այս չափազանց ծանր օրերուն:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2020