ԹԱՏՐՈՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Համավարակ, պատերազմ, բայց Պարոնեանի անուան թատրոնին նոր ներկայացման փորձեր կ՚ընթանան։ Այսպէս, Հայաստանի «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնը տակաւին մարտ ամիսին պէտք էր թատերասէրներու դատին յանձնէր Ռոտոլֆօ Սանթանայի ստեղծագործութեան հիման վրայ բեմադրուած «Յարդասենեակ կանանց համար» ներկայացումը: Քորոնաժահրի համավարակով պայմանաւորուած՝ առաջնախաղը յետաձգուեցաւ։

«Արմէնփրէս»ի թղթակից Անժելա Համբարձումեանի հետ զրոյցի ընթացքին թատրոնի տնօրէն Կարօ Շահպազեան խոստովանեցաւ, որ ընկճուած են, հոգեպէս ծանր վիճակի մէջ են, սակայն կը կատարեն իրենց աշխատանքը:

«Բնականաբար, որոշ փորձեր կ՚իրականացնենք, որպէսզի դերասանները չկորսնցնեն իրենց մարզավիճակը, զբաղուած ըլլան, որպէսզի հոգեբանականօրէն աւելի ծանր վիճակի մէջ չյայտնուին՝ կապուած համավարակի, պատերազմի հետ», ըսաւ ու յաւելեց, որ յատկապէս իրենց թատրոնի համար բաւականին բարդ ժամանակներ են, քանի որ կը ստեղծագործեն կատակերգութիւն:

Շահպազեանի խօսքով՝ այս պահուն վստահաբար չեն կրնար բեմ բարձրանալ, քանի որ թատերասէրները կատակերգութիւն դիտելու, իսկ իրենք խաղալու սիրտ չունին, բայց տակաւին տարեսկիզբին նախատեսած էին մի քանի առաջնախաղ, որոնք չկարողացան իրականացնել:

Թատրոնի տնօրէնը անդրադարձաւ «Յարդասենեակ կանանց համար» ներկայացման, որու թարգմանութիւնը կատարած է Վիգէն Ստեփանեան, բեմադրութիւնը եւ նկարչական ձեւաւորումը՝ Յակոբ Ղազանչեան, իսկ յօրինողը՝ Վաչէ Շարաֆեանն է:

Կարօ Շահպազեան ընդգծեց, որ ներկայիս աշխոյժ փոձեր կ՚ընթանան: «Այդ ներկայացման զուգահեռ թատրոնի պալէի արտիստները, երգչախումբի անդամները փորձեր կ՚իրականցնեն», եզրափակեց Շահպազեան:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2020