Կ՚ՈԳԵԿՈՉՈՒԻՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆՆԵՐԸ

Համերգ-ցուցահանդէս՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի զարմիկներուն։ Այսօր՝ դեկտեմբերի  2-ին, ժամը 16.00-ին, Հայաստանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը կը հրաւիրէ մասնակցելու Արամ Խաչատուրեանի զարմիկներու՝ հռչակաւոր երաժիշտներ Կարէն Խաչատուրեանի 100-ամեայ եւ Էմին Խաչատուրեանի 90-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած համերգ-ցուցահանդէսին։

Տուն-թանգարանէն կը յայտնեն, որ ելոյթ կ՚ունենան՝ Սօնա Բարսեղեան  (դաշնամուր), Կարէն  Շահկալտեան  (ջութակ),  Մաքսիմ Նովիքով (ալտ),  Էլէն Սահակեան (դաշնամուր)։  Համերգը կը վարէ՝ Օլիա Նուրիճանեան: Համերգի ընթացքին, որուն սահմանափակ տեղերը քառասուն հոգիի համար է, կը կատարուին Կարէն Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2020