ԿԵԱՆՔԷՆ ՀԵՌԱՑԱՒ ՍԷՅՐԱՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ

Կեանքէն հեռացաւ Գորիսի տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սէյրան Մկրտչեան։ Գորիսի «Վ. Վաղարշեան» տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սէյրան Մկրտչեանի մահուան մասին կը տեղեկացնէ թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը։

«Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք դերասանի հարազատներուն ու ընկերներուն։ Մենք շնորհակալ ենք քեզի: Քու արուեստի եւ մարդ տեսակի պակասը միշտ պիտի սգանք: Աստուած հոգիդ պահէ լոյսերու եւ խաղաղութեան մէջ: Մեր սիրելի՛ դերասան, հանգչէ խաղաղութեամբ», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ

Սէյրան Մկրտչեան ծնած է 1962 թուականի յուլիսի 24-ին Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ: Ուսանած է Գորիսի թիւ 2 միջնակարգ դպրոցի երդիքին տակ: 1981-1985 թուականներուն ընդունուած եւ աւարտած է Հայաստանի Մանկավարժական կաճառի Գորիսի մասնաճիւղի ուսողութեան բաժինը: Անդամակցած է «Եղիցի լոյս» գրական խումբին: 1989 թուականէն սկսեալ աշխատած է Գորիսի տրամաթիքական թատրոնէն ներս:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2020