ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԱՀԱԶԱՆԳԻՆ Կ՚ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ՆԱԵՒ ՄՈՆՐԷԱԼԻ «ՀՈՐԻԶՈՆ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչեցուցած ահազանգը արձագանգ գտաւ նաեւ Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ։ Գանատահայ համայնքի այս կարեւոր լրատուամիջոցի վերջին համարի խմբագրականը կը կրէ այս առումով զօրակցութեան բնոյթ։ Թերթիս նկատմամբ ցուցաբերուած այս զգայնութեան համար խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Հորիզոն»ի խմբագրութեան՝ մասնաւորապէս գլխաւոր խմբագրին՝ մեր սիրելի պաշտօնակից-բարեկամ Վահագն Գարագաշեանի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հորիզոն»ի խմբագրականը, որ կը կրէ «Յոբելենական ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ահազանգի շեփորը» խորագիրը։

*

Հայ մամուլը երկու դարերու վրայ երկարող իր անցեալով՝ Պոլիսէն մինչեւ Վենետիկ, Վան, Կարին, Փարիզ եւ այլուր, հարուստ աւանդ ունի:

Հայ մամուլի տարեգրութեանց մէջ, սփիւռքահայ մամուլի նահապետներէն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը նշէ իր 114-րդ յոբելեանը:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երկարամեայ գոյատեւումը հայ մամուլի երկնակամարին վրայ իրագործուեցաւ շնորհիւ անոր հիմնադիր Գոչունեան գերդաստանի խմբագիրներուն եւ աշխատակիցներուն անշահախնդիր զոհողութեան ոգիին, որոնք իրենց պարտականութիւնը կատարեցին լրագրողի յանձնառու կեցուածքով:

Կիզակէտ ունենալով արեւմտահայաստանի եւ Պոլսոյ համայնքային, գրական, մշակութային եւ ընկերային կեանքի զարգացման պատմական գործընթացն ու հոլովոյթը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերով հրապարակախօսներու կողմէ համակողմանի քննարկման ենթարկուած է ազգային կեանքը եւ արխիւագրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տոմարներուն մէջ։

114 տարիներու հարուստ լրատուական ժառանգութիւն եւ աւանդ ունեցող օրաթերթը, դիմագրաւելով հանդերձ 21-րդ դարու գիտարուեստի զարգացման հետ առընչուող մարտահրաւէրները՝ համարկուելով արդի լրատուահամակարգին մէջ՝ դիմակայած է եւ ցայսօր կը գոյատեւէ։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը՝ կարգախօսէ անդին ինքնուրոյն եւ համակ լրատուական տենդով առկայծող օրաթերթ եղած է, որուն էջերով վիճարկումի ենթարկուած են համայնքային հիմնահարցեր:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը նպատակաուղղուած ձեւով հետամուտ եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման, կատարած է առաջնորդող փարոսի դեր, միշտ գործելով անաչառ:

Այս յոբելեանին անդրադառնալով, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 2021, 28 հոկտեմբեր թուակիր խմբագրականը ահազանգ կը հնչեցնէ։ Օրաթերթի տնտեսական անձուկ վիճակը պարզող խմբագրականը կը շեշտէ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կ՚ապրի տագնապալի օրեր, ընդհուպ մինչեւ գործունէութեան դադրեցում՝ չըսելու համար օրաթերթի ընդմիշտ փակում։ Պատմութեան այս ժամանակահատուածին, նման տագնապալի իրավիճակով են պարուրուած յատկապէս սփիւռքի տպագիր լրատուամիջոցները, որոնցմէ շատեր, օրհասական պայքար մղելով է, որ դեռ եւս կը պահպանեն իրենց գոյութիւնը։

Խմբագրականին մէջ կը շեշտուի նաեւ համայնքային ներքին տարակարծութիւններու առկայութիւնը, որոնք խորապէս ազդած են Օրաթերթին վրայ։ Չորրորդ իշխանութեան՝ մամուլին առաքելութիւնն է հասարակութեան հաղորդել ու ներկայացնել առկայ իրադարձութիւնները անկողմնակալ ու առարկայական մօտեցումներով, տեղ տալով բազմակարծութեան եւ այլակարծութեան։ Այս ծիրէն ներս, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը միշտ յարգած է լրատուական կանոնակարգն ու ուղենիշները, իր էջերով հրապարակելով հաւասարակշռուած ու կշռադատուած տեսակէտեր։

Նահապետական նման լրատուամիջոցի մը առաջին զօրակցողը պէտք է ըլլայ տեղւոյն համայնքը, որովհետեւ, ի վերջոյ այդ համայնքի ամբողջ պատմագրութիւնն ու ժամանակագրութիւնն է, որ արխիւագրած է թերթը եւ տասնամեակներու թաւալումին հետ դարձած է համայնքը ցոլացնող հայելին։

Ահազանգի տարողութեան լրջութեան եւ վերահաս վտանգին պէտք է իրազեկ ըլլայ նաեւ համայն սփիւռքը, յիշելով այն իրողութիւնը, որ պոլսահայ մշակութային արժէքներուն մաս կազմող այս թերթը այսօր կարիքը ունի օգնութեան ձեռքերու։ Այս գետնի վրայ, զօրակցութեան ու աջակցութեան առաջին նախաձեռնողները կրնան հանդիսանալ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ գործող Պոլսահայ միութիւնները։

Որպէս հայ մամուլի հաւատարիմ ծառայ, դժուար ու ժանտ ժամանակներուն դէմ դիմակայած ԺԱՄԱՆԱԿ-ը՝ իր ուրոյն դերը ունեցած է անցնող 114 տարիներու ընթացքին եւ խիզախօրէն կատարած է իր առաքելութիւնը։

Շնորհաւոր տօնդ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ։

*

Հարկ է նշել, որ «Հորիզոն» տեղ տուած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 28 հոկտեմբեր 2021 թուականի խմբագրականին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021