ՍԱՀՄԱՆՈՒՄՆԵՐ…

Բնութիւնը կը պարփակէ բազում սահմանումներ։ Մարդ արարածին բնութեան մնացեալ տարրերէն հիմնական տարբերութիւնն ալ կարծես այս կէտին վրայ է։ Ան հակուած է վերասահմանումներու։ Իրաւունքի եւ ազատութիւններու հաւասարակշռութիւններուն մէջ բնութեան տարրերը միշտ կը ձգտին նուազագոյնին՝ ապրելու կամ վերապրելու, այսինքն կեանքին։

Մարդը առաւելապաշտ է բնութեան մէջ թէ՛ իր տեսակին եւ թէ ուրիշ տեսակներու հետ յարաբերութիւններուն գծով։ Ան միշտ կ՚ուզէ խաղի կանոնները վերասահմանել։ Իրաւունքի եւ ազատութեան հարցերը միշտ բարդ են անոր համար ինչպէս անհատական, այնպէս ալ հաւաքական առումով։

Ֆրանսացի փիլիսոփայ Փիէռ Մանան հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է. «Մեր դարուն չափ նուազ մտաւորական ազատութիւն երբեք չեմ տեսած։ Գերակայ կարծիքը այլեւս թշնամի չունի»։ Ազատութիւն որո՞ւ համար, ի՞նչ բանի համար, որո՞ւ դէմ կամ ի՞նչ միջավայրի մէջ։ Կան մարդիկ, որոնք ազատութիւնը կը պատկերացնեն բնութեան գիրկին մէջ, կան նաեւ ոմանք, որոնք ազատ կը զգան հասարակութեան լաբիւրինթոսներուն մէջ։

Հարցը կրնայ հասնիլ նոյնիսկ այնպիսի կէտի մը, ուր մարդ տեսականօրէն կրնայ թշնամի մը ունենալու իրաւունքին տէր ըլլալ եւ հետամուտ կը դառնայ այդ ազատութեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2022