Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ԱՊՊԱՍ ԱՐԱՂՉԻԻ ԱՅՑԸ
Անգարա այսօր կ՚ընդունի Թեհրանէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն զուգահեռ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ կը ծաւալուին քննարկումներ։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։
Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին նաեւ բազմաթիւ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ տարածաշրջանի երկիրներու պաշտօնակիցներուն հետ։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2024