«ԱՆԻՄԱՍՏ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ…»

Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլուզ­ման շրջա­նին Մոս­կուա­յի մօտ Թուր­քիոյ դես­պանն էր Վոլ­քան Վու­րալ։ Յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն ալ, Պաղ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րու յաղ­թա­հար­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ան կա­րե­ւոր պաշ­տօն­ներ զբա­ղե­ցու­ցած էր թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան մէջ։ Ֆիլ­մի ցու­ցադ­րու­թեան յա­ջոր­դած ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ան նախ շնոր­հա­ւո­րեց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բին աշ­խա­տան­քը ու նշեց, թէ «Փակ սահ­մա­նի երկ­խօ­սու­թիւն»ը ա­ռար­կա­յա­կան ու լաւ գործ մըն է։ Վոլ­քան Վու­րալ մար­դա­սի­րա­կան ու ան­կեղծ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով սկսաւ իր խօս­քին։ Ան դի­տել տուաւ, թէ սոյն ֆիլ­մը նախ կը մատ­նէ իր տա­րի­քը, նաեւ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­մե­նա­ձա­խող շրջա­նը։ Ըստ Վու­րա­լի, ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն տեղ կ՚ու­նե­նան դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու կեան­քին մէջ եւ իր պա­րա­գա­յին հիմ­նա­կան ձա­խո­ղում­նե­րը կը վե­րա­բե­րին այն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, որ խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ բե­րուած է սոյն ֆիլ­մին շրջագ­ծով։

Ա­պա Վոլ­քան Վու­րալ վեր­յի­շեց Մոս­կուա­յի իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան տա­րի­նե­րը։ ԹԱՍՍ գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րէն 1990 թուա­կա­նին ան վե­րա­հա­սու դար­ձած էր վախ­ճա­նեալ Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեա­նի մա­հուան։ Մարդ­կայ­նօ­րէն ապ­րած ցա­ւուն ա­ռըն­թեր, Վոլ­քան Վու­րալ հա­շուի ա­ռած էր այն հան­գա­ման­քը, թէ են­թա­կան Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի մըն էր եւ ա­նոր ան­շունչ մարմ­նին Թուր­քիա վե­րա­դար­ձի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը վի­ճա­կէր ի­րենց։ Հե­տե­ւա­բար, Վոլ­քան Վու­րալ շփման մէջ ան­ցած էր Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ան ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նած էր նաեւ, որ ե­թէ Մոս­կուա­յի մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն մը ըլ­լար, սի­րով պի­տի մաս­նակ­ցէր։ Վու­րալ նշեց, թէ Պատ­րիար­քին դա­գա­ղը Հա­յաս­տա­նէն բե­րուե­ցաւ Մոս­կուա, որ իր ալ փա­փա­քը գո­հաց­նե­լու հա­մար կա­տա­րուե­ցաւ ա­ղօթք մը, ո­րուն ինք մաս­նակ­ցե­ցաւ ըն­տա­նի­քին հետ։ Ա­ւե­լի վերջ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն հետ մէկ­տե­ղուե­ցան հո­գե­ճա­շի մը սե­ղա­նին շուրջ, նաեւ միաս­նա­բար ըմ­պե­ցին գի­նի։ Այդ ժա­մա­նա­կուան խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ ի­րեն հարց տրուած էր, թէ ար­դեօք այ­ցե­լա՞ծ էր Հա­յաս­տան։ Թէեւ այդ փու­լին Վոլ­քան Վու­րալ տա­կա­ւին Հա­յաս­տան չէր այ­ցե­լած, սա­կայն ար­դէն տա­րի մը վերջ՝ 1991 թուա­կա­նին ան իր գոր­ծա­կից­նե­րէն մէ­կուն հետ այ­ցե­լած էր Ե­րե­ւան։ «Պե­տու­թեան մը ղե­կա­վա­րին նման դի­մա­ւո­րուե­ցայ, դիկ­նա­պահ­ներ յատ­կա­ցուած էին։ Մեզ ա­ռաջ­նոր­դե­ցին պա­լատ մը, ուր այդ շրջա­նի պայ­ման­նե­րուն բե­րու­մով կը տի­րէր ցուր­տը։ Միաս­նա­բար ճա­շե­ցինք։ Հայ­կա­կան կող­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը նշե­ցին, թէ կրնանք թրքե­րէն խօ­սիլ ու մենք մեր զրոյ­ցը յա­ռաջ տա­րինք կէս անգ­լե­րէ­նով կէս թրքե­րէ­նով։ Նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեա­նի կող­մէ ալ ըն­դու­նուե­ցայ օր մը վերջ։ Ին­ծի հա­մար զգա­յա­ցունց հան­դի­պում մըն էր։ Ան յայտ­նեց, թէ իր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կ՚ու­զէ ա­պա­հո­վել ո՛չ թէ ան­ցեա­լի ցա­ւե­րուն շա­րու­նա­կու­թիւ­նը, այլ՝ ա­պա­գա­յի եր­ջան­կու­թիւ­նը։ Այդ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին գա­ցի նաեւ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան սահ­մա­նը։ Ա­լի­ճան-Մար­գա­րա սահ­մա­նա­դու­ռը։ Հա­յաս­տա­նի կող­մէն սահ­մա­նը հա­տե­ցի մին­չեւ կէ­սը։ Թուր­քիոյ կող­մէն ար­դէն զի­նուո­րա­կան մը կը մօ­տե­նար եւ մեր զի­նուո­րը դժուար կա­ցու­թեան չմատ­նե­լու նպա­տա­կով սահ­մա­նի կէ­սէն ա­ւե­լին չհա­տե­ցի։ Այդ օր հասկ­ցայ, թէ այդ սահ­մա­նին փակ մնա­լը որ­քան ա­նի­մաստ է։ Այդ օր ալ այդ­պէս էր, այ­սօր ալ կը մնայ այդ­պէս։ Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն վերջ, տա­կա­ւին նոյն օ­րը դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ պէտք է հաս­տա­տուէին Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ։ Իս­կա­պէս դժբախ­տու­թիւն մըն է այդ քայ­լին առ­նուած չըլ­լա­լը։ Սա կը բխէր փո­խա­դարձ անվս­տա­հու­թե­նէ։ Թուր­քիա իր իսկ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ պէտք է յաղ­թա­հա­րէր՝ այդ հո­ղա­յին պա­հանջ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը», ը­սաւ Վոլ­քան Վու­րալ։

Վոլ­քան Վու­րալ ա­ւե­լի վերջ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ ը­րաւ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան ա­ռանց­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, հայ­կա­կան կող­մը հարց կու տայ, թէ Թուր­քիա ին­չո՞ւ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը պայ­մա­նա­ւո­րէ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ, կա­խուա­ծու­թեան մէջ կը դնէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւո­րու­մէն։ Այս հար­ցու­մը թէեւ ճիշդ է, սա­կայն այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ի­րար­մէ կա­խեալ չդարձ­նելն ալ կը թուի ըլ­լալ ան­կա­րե­լի։ Ըստ Վոլ­քան Վու­րա­լի, Թուր­քիա պէտք է Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծօ­նը նուա­զա­գոյ­նի ի­ջեց­նէ այս հար­ցին մէջ։ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նե­լու ճա­նա­պար­հին Ան­գա­րա պէտք է իր մտադ­րու­թիւն­նե­րը լաւ բա­ցատ­րէ Պա­քուին։ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ հաս­տա­տուե­լիք դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը նպաս­տեն նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։

Վոլ­քան Վու­րալ այս կէ­տին վրայ մատ­նան­շեց եր­կու հիմ­նա­կան հան­գա­մանք։ Ա­ռա­ջի­նը՝ այն է, որ թուրք եւ հայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու այս­քան եր­կար դա­րեր միա­սին ապ­րած ըլ­լա­լէն վերջ այ­սօր եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ կա­պե­րուն խզուած ըլ­լա­լը իս­կա­կան դժբախ­տու­թիւն մըն է։ Երկ­րոր­դը՝ կը վե­րա­բե­րի պատ­մա­կան հար­ցե­րուն։ Հա­յաս­տան 1915-ին ապ­րուած­նե­րը կը հա­մա­րէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ու բնա­կա­նա­բար կրնայ հա­մա­րել։ Թուր­քիոյ մէջ այս հար­ցի պա­րա­գա­յին շատ զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ։ Եր­կու կող­մե­րու ո­րա­կում­նե­րը սկսան ի­րա­րու շատ նմա­նիլ։ Թուր­քիա սկսաւ հա­յե­րուն ցա­ւը բաժ­նել եւ կրճա­տուե­ցաւ այն հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը, որ գո­յու­թիւն ու­նի բա­ռե­րուն մի­ջեւ։

Ա­ւե­լի վերջ Վոլ­քան Վու­րալ դի­տել տուաւ, թէ այ­սօր Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման հա­մար Թուր­քիոյ կը վի­ճա­կի հա­մո­զել Ատր­պէյ­ճա­նը։ Ցիւ­րի­խի մէջ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը պէտք է վե­րա­կեն­դա­նա­ցուին։ Ե­թէ սկզբնա­կան շրջա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի հետ միայն զգա­ցա­կան կա­պեր գո­յու­թիւն ու­նէին, ա­պա այ­սօր այդ կա­պե­րը ու­նին նաեւ տնտե­սա­կան լուրջ խորք մը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բե­րու­մով։

Վոլ­քան Վու­րա­լի մօ­տեց­մամբ, Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն բա­րե­լա­ւու­մը պի­տի նուա­զեց­նէ նաեւ Սփիւռ­քի կող­մէ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած պնդում­նե­րուն նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Բնա­կա­նո­նաց­ման ա­ռա­ջին քայ­լը պէտք է ըլ­լայ ժամ ա­ռաջ սահ­մա­նին բա­ցուի­լը, դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տա­տու­մը։ Վու­րալ յի­շե­ցուց, թէ Կար­սի եւ Իգ­դի­րի շրջան­նե­րու բնա­կիչ­ներն ալ կը տու­ժեն սահ­մա­նի փակ մնա­լէն։ Ըստ ի­րեն, քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պէտք է միշտ բարձ­րա­ձայ­նէ այս խնդի­րը, բազ­մա­կող­մա­նի հան­գա­մանք­նե­րով եւ ար­տա­յայ­տու­թեան ա­զա­տու­թեան մի­ջա­վայ­րին մէջ։ Վու­րալ վեր­յի­շեց նաեւ հան­գու­ցեալ Հրանդ Տին­քը։

Ա­սու­լի­սին յա­ջոր­դած հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բաժ­նին մէջ ալ Վոլ­քան Վու­րալ ընդգ­ծեց, թէ պատ­մա­բան­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղով մը ստեղ­ծե­լու նիւ­թը պար­զա­պէս ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն մըն է, ո­րով­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւր պատ­մա­բան կ՚ու­նե­նայ իր ու­րոյն մօ­տե­ցու­մը, կար­ծի­քը։ «Թէեւ մեր օգ­տա­գոր­ծած բա­ռա­պա­շա­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին են­թար­կուած է փո­փո­խու­թեան, սա­կայն նոյ­նը չի կրնար ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նէն հա­յու մը հետ։ Այս­տեղ հար­ցը ոչ թէ մոռ­նալն է, այլ ա­պա­գա­յին նա­յի­լը։ Սա կ՚ըլ­լայ շօ­շա­փե­լի ծրագ­րե­րով։ Ես մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն չեմ ըն­ծա­յեր Սփիւռ­քին նկատ­մամբ։ Սփիւռ­քէն վախ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի հետ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւո­րու­մը սխալ է։ Բնա­կա­նա­բար հա­շուի պի­տի առ­նենք նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ան­ցեա­լին Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ Թուր­քիոյ կշի­ռը բարձր էր, իսկ ներ­կա­յիս ար­դէն Ատր­պէյ­ճա­նի կշի­ռը բարձր է Թուր­քիոյ վրայ։ Թուր­քիա պէտք է վա­րուի ու­շա­դիր, չա­փա­ւոր ու հա­շուի առ­նե­լով իր ազ­գա­յին շա­հե­րը», նշեց Վոլ­քան Վու­րալ։

Վա­ղը պի­տի հրա­տա­րա­կենք վաս­տա­կա­ւոր դես­պան Իւ­նալ Չե­ւի­քէօ­զի խօս­քե­րը։ 

 

 

 

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016