ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պարաք Օպամայի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյցը, որու ընթացքին ան Էրտողանին վշտակցութիւն յայտնեց՝ Իսթանպուլի եւ Տիարպաքըրի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներու կապակցութեամբ։ Իր զօրակցութեան պատգամը փոխանցելով՝ Օպամա յայտնեց, թէ ամերիկեան կողմը կը պախարակէ այդ յարձակումները։ Իր կարգին, Էրտողանն ալ Օպամային շնորհակալութիւն յայտնեց՝ վշտակցութեան ու ցուցաբերուած զօրակցութեան բերումով։
Հեռախօսազրոյցի տեւողութեան Էրտողան եւ Օպամա կանգ առին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման եւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան գլխաւորութեամբ ամէն տեսակ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ վճռական համագործակցութիւնը շարունակելու վրայ։ Նկատի ունենալով, որ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն այս շաբաթավերջին Թուրքիա պիտի այցելէ՝ Էրտողան եւ Օպամա մանրամասնութիւններ շօշափեցին այդ բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուելիք զանազան նիւթերուն շուրջ, ներառեալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։