ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԱԼՔԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ դէ­պի Քա­րա­տաղ, իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ի­կոր Լուք­շի­չի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ այդ երկ­րի գոր­ծա­դիր եւ օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։

Հարկ է նշել, որ Նալ­պան­տեան վեր­ջին օ­րե­րուն Պալ­քան­նե­րէ ներս կ՚ու­նե­նայ ի­րե­րա­յա­ջորդ շփում­ներ։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ան այ­ցե­լած էր Սո­ֆիա, ուր ժա­մա­նե­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Պուլ­կա­րիոյ Նա­խա­գահ Ռո­սէն Փլեւ­նիե­ւի կող­մէ։ Ողջ­ու­նե­լով Նալ­պան­տեա­նը՝ պուլ­կար ղե­կա­վա­րը նշեց, որ հայ եւ պուլ­կար ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կա­պուած են պատ­մա­կան բա­րե­կա­մա­կան ընդ­հան­րու­թիւն­նե­րով։ Սո­ֆիա շա­հագրգ­ռուած է երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել զար­գաց­մամբ։ Փլեւ­նիեւ ընդգ­ծեց, որ Պուլ­կա­րիա կը հպար­տա­նայ իր հա­յազ­գի զա­ւակ­նե­րով, ո­րոնք լուրջ ներդ­րում ու­նե­ցած են երկ­րի բար­գա­ւաճ­ման ուղ­ղու­թեամբ եւ այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կեն կա­րե­ւոր դեր խա­ղալ Պուլ­կա­րիոյ հա­սա­րա­կա­կան, տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քէն ներս։ Ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով՝ Նալ­պան­տեան Փլեւ­նիե­ւին փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ող­ջոյն­ներն ու բա­րե­մաղ­թան­քը։ Փլեւ­նիեւ ներ­կա­յա­ցուց իր երկ­րի եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, տնտե­սա­կան զար­գաց­ման նպա­տա­կով ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին շարք մը մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու եւ ա­նոնց լուծ­ման ու­ղի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Այս ծի­րին մէջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուող ջան­քե­րը։ Փլեւ­նիեւ Սո­ֆիա­յի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ու շեշ­տեց, թէ հիմ­նա­հար­ցը ու­նի միայն խա­ղաղ լու­ծում։ «Ես հա­մո­զուած եմ, որ խա­ղա­ղու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է բո­լո­րի կող­մէ մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ հա­ւա­տար­մու­թե­նէն։ Զէն­քի օգ­տա­գոր­ծու­մը կը վկա­յէ փաս­տարկ­նե­րու պա­կա­սի մա­սին», ը­սաւ Փլեւ­նիեւ։

Նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ վերջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ըն­դու­նուե­ցաւ Պուլ­կա­րիոյ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ցեց­քա Ցա­չե­ւա­յի կող­մէ։ Այս առ­թիւ ան պուլ­կա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց՝ հայ հա­մայն­քին նկատ­մամբ հո­գա­տար վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։ Նալ­պան­տեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով ան­ցեալ տա­րի Պուլ­կա­րիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ըն­դու­նուած յայ­տա­րա­րու­թեան հա­մար։ Զրու­ցա­կից­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ խորհր­դա­րա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ քննար­կե­ցին միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան շփում­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղով­նե­րուն մօտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տաց­ման ու­ղի­նե­րը։ Ցա­չե­ւա­յի հա­մոզ­մամբ, անհ­րա­ժեշտ է խթա­նել բարձր մա­կար­դա­կով քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ եր­կու եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րը։ Նալ­պան­տեան կա­րե­ւո­րեց միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան խում­բե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ այդ ա­ռու­մով ար­ժե­ւո­րեց իր գլխա­ւո­րած պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մէն ներս Հա­յաս­տան-Պուլ­կա­րիա խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի ղե­կա­վար Մա­նուէլ Պա­տէեա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Ան Պուլ­կա­րիոյ խորհր­դա­րա­նի ղե­կա­վա­րի ու­շադ­րու­թեան յանձ­նեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րուող ջան­քե­րը։

Սո­ֆիա­յի մէջ Նալ­պան­տեան մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Պուլ­կա­րիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Տա­նիէլ Մի­թո­վի հետ։ Նա­խա­րար­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը սկսան դէմ առ դէմ ձե­ւա­չա­փով, ա­պա շա­րու­նա­կուե­ցան պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ող­ջու­նե­լով իր հայ պաշ­տօ­նա­կի­ցը՝ Մի­թով նշեց, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Պուլ­կա­րիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բա­րե­կա­մա­կան ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի են, ա­նոնք կու գան դա­րե­րու խոր­քէն։ Ան խորհր­դան­շա­կան հա­մա­րեց, որ տա­կա­ւին միջ­նա­դա­րուն քա­նի մը պուլ­կար թա­գա­ւոր­ներ ա­մուս­նա­ցած են հա­յու­հի­նե­րու հետ։ «Պուլ­կար­նե­րը եւ հա­յե­րը ուս ու­սի պայ­քա­րած են Պալ­քա­նեան շարք մը պա­տե­րազմ­նե­րու մէջ։ Հա­յաս­տան կը հան­դի­սա­նայ Պուլ­կա­րիոյ կա­րե­ւոր մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րէն մին ու վա­ղե­մի բա­րե­կա­մը», ը­սաւ Մի­թով եւ ա­ւել­ցուց, թէ Նալ­պան­տեա­նի այ­ցը նոր լիցք կը հա­ղոր­դէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ նոր ծրագ­րե­րու քննարկ­ման։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով Սո­ֆիա այ­ցե­լու­թեան հրա­ւէ­րին հա­մար՝ Նալ­պան­տեան նշեց, որ Հա­յաս­տան մե­ծա­պէս կը կա­րե­ւո­րէ իր պատ­մա­կան սերտ կա­պե­րը Պուլ­կա­րիոյ հետ, ո­րոնք հիմ­նուած են եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու, ընդ­հա­նուր ճա­կա­տագ­րի եւ փո­խա­դարձ հա­մակ­րան­քի վրայ։

Նա­խա­րար­նե­րը հա­մա­կար­ծիք էին, որ անհ­րա­ժեշտ է բարձ­րաս­տի­ճան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ նոր խթան հա­ղոր­դել երկ­կող­մա­նի քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան ու ներդ­նել յա­ւե­լեալ ջան­քեր՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ւել խո­րաց­ման եւ զար­գաց­ման հա­մար։ «Հա­յաս­տա­նի եւ Պուլ­կա­րիոյ մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին ո­լորտ­նե­րէ ներս զար­գա­նա­լու լուրջ նե­րուժ ու­նին ու մենք կը փա­փա­քինք գործ­նա­կան քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել՝ մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր բո­վան­դա­կու­թիւն եւ աշ­խու­ժու­թիւն հա­ղոր­դե­լու ուղ­ղու­թեամբ», շեշ­տեց Նալ­պան­տեան։

Զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան երկ­կող­մա­նի օ­րա­կար­գի բազ­մա­թիւ հար­ցե­րուն, քննար­կե­ցին զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­տեղ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։ Կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տի ամ­րապնդ­ման, միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման, եր­կու եր­կիր­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ պար­բե­րա­կան խորհր­դա­տուու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մօտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթան­ման վե­րա­բե­րեալ։ Եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րուե­ցաւ նաեւ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին աշ­խա­տան­քը, որ ուղ­ղուած է տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման։ Պուլ­կար նա­խա­րա­րը նշեց, որ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւն կը հան­դի­սա­նայ Սեւ ծո­վը եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սը կա­պող փո­խադ­րու­թեան են­թա­կա­ռու­ցուած­քի ստեղ­ծու­մը, հա­մա­պա­տաս­խան նե­րու­ժի օգ­տա­գոր­ծու­մով։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Պուլ­կա­րիա ներ­կա­յիս Եւ­րո­խոր­հուր­դի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ եր­կիրն է, նա­խա­րար­նե­րը քննար­կե­ցին պուլ­կա­րա­կան նա­խա­գա­հու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք ա­ւե­լի վերջ անդ­րա­դար­ձան Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ Հա­յաս­տա­նի ու ԵՄ-ի մի­ջեւ նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թի շուրջ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Մի­թով վե­րա­հաս­տա­տեց Պուլ­կա­րիոյ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ԵՄ-ի հետ Հա­յաս­տա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման ու զար­գաց­ման հա­մար։

Նալ­պան­տեան եւ Մի­թով կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ հար­ցե­րու՝ Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մի, Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րի շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան ի­րա­գործ­ման, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քէ ներս առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին, մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին շուրջ։

Նալ­պան­տեան Մի­թո­վին եւս ներ­կա­յա­ցուց ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նա­հար­ցի կար­գա­ւոր­ման շուրջ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հա­մա­տեղ ջան­քե­րը՝ հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ հան­գու­ցա­լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Նալ­պան­տեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին Մի­թո­վը հրա­ւի­րեց Ե­րե­ւան։

Սո­ֆիա­յի մէջ եր­կու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Մի­թով պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք մըն ալ կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ Նալ­պան­տեա­նին։

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ պուլ­կա­րա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016