ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԱԶԴԱՆՇԱՆ

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ այս շրջա­նին կ՚ապ­րուին նոր խմո­րում­ներ։ Վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­սուն­ցած եւ սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քուէի շրջա­նին հան­րա­յին կար­ծի­քի աչ­քին առ­ջեւ ա­ռա­ւել յստա­կա­ցած գոր­ծըն­թաց­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ խիստ հա­ւա­նա­կան է, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին հա­մա­խո­հա­կան նոր իշ­խա­նու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րուի երկ­րէն ներս։ Հիմ­նա­կան նո­րու­թիւ­նը այն է, որ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւնն (ՀՅԴ) ալ հա­ւա­նա­բար մաս­նակ­ցի այս նոր հա­մա­խո­հու­թեան։

ՀՅԴ­-ի պիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հրանդ Մար­գա­րեան ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ կու­սակ­ցու­թիւ­նը ըն­դու­նած է իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող հա­մա­խո­հու­թեան մաս կազ­մե­լու ա­ռա­ջար­կը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան յայտ­նեց, թէ այս նիւ­թին շուրջ վեր­ջին օ­րե­րուն բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րած են Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ, որ կը ղե­կա­վա­րէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ Սարգ­սեա­նի վա­րած կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը գտնուի իշ­խա­նու­թեան գլուխ, մե­ծա­մաս­նու­թիւն ու­նի խորհր­դա­րա­նէն ներս։

Հրանդ Մար­գա­րեան նշեց, թէ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ վա­րուած է երկ­րի նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դուն­ման հանգ­րուա­նին։ Կու­սակ­ցու­թիւ­նը այդ մեծ բե­ռը ստանձ­նած է՝ հա­մո­զու­մով, հա­ւատ­քով եր­թա­լով սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն։ Հե­տե­ւա­բար, ՀՅԴ այ­սօր չի կրնար պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէ զերծ մնալ այդ ա­ռու­մով, նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան ա­ռու­մով, այդ սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կեան­քի կո­չե­լու ի­մաս­տով։ «Այս պատ­ճա­ռով մենք հա­մա­ձայն ենք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան», ը­սաւ Հրանդ Մար­գա­րեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ա­ռայժմ դժուար է ը­սել, թէ հա­մա­խո­հու­թիւ­նը ինչ­պի­սի՛ ձեւ մը պի­տի ստա­նայ։ Ար­դա­րեւ, հա­մա­պա­տաս­խան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին կը գտնուին սկզբնա­կան փու­լի մէջ։ «Ե­ղած են ա­ռա­ջարկ­ներ եւ մե­զի հա­մար սա սկզբուն­քօ­րէն ըն­դու­նե­լի է, որ­պէս­զի ու­նե­նանք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կեան­քի կո­չե­լու ի­մաս­տով։ Բայց ու­րիշ ո­րե­ւէ խօ­սակ­ցու­թիւն ա­ռայժմ տե­ղի չէ ու­նե­ցած», ը­սաւ Հրանդ Մար­գա­րեան։

Յա­մե­նայն­դէպս, ՀՅԴ­-ի պիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը դժուա­րա­ցաւ նշե­լու, որ հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թեան մաս պի­տի կազ­մեն 2017 թուա­կա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռա՞ջ, թէ յե­տոյ։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ՀՅԴ Սերժ Սարգ­սեա­նի նա­խա­գա­հու­թեան սկզբնա­կան շրջա­նին ար­դէն մաս կը կազ­մէր հա­մա­խո­հու­թեան։ Կու­սակ­ցու­թիւ­նը այդ իշ­խա­նու­թե­նէն դուրս ե­կած էր՝ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ 2010 թուա­կա­նին Ցիւ­րի­խի մէջ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։

«Ես շատ լաւ կը գի­տակ­ցիմ, որ այ­սօ­րուան բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան մթնո­լոր­տին մէջ մե­զի ձեռն­տու չէ ըլ­լալ հա­մա­խո­հու­թեան ան­դամ, ո­րով­հե­տեւ նոր խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ, նոր քննա­դա­տու­թիւն­ներ… Թէեւ միշտ ե­ղած է այս բա­նը, հի­մա ալ կ՚ըլ­լայ։ Գի­տեմ, որ քա­ջու­թիւն պէտք է այս պայ­ման­նե­րուն մէջ այդ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տակ մտնե­լու հա­մար։ Բայց ես ու­րիշ ելք չեմ տես­ներ այս երկ­րի վի­ճա­կը փո­խե­լու հա­մար։ Ա­յո՛, ներ­սէն ալ պէտք է փո­խենք, դուր­սէն ալ պէտք է փո­խենք», ը­սաւ Հրանդ Մար­գա­րեան։ 

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016