ԱԼԻԵՒԷՆ ՆՈՐ ԽԱՊՐԻԿՆԵՐ

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը Ռու­սաս­տա­նի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ նոր զէն­քի մա­տա­կա­րա­րում­ներ ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րը այս օ­րե­րուն կը մաս­նակ­ցի Տա­ւո­սի Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան ֆո­րու­մին։ Իլ­համ Ա­լիեւ այն­տեղ տե­ղե­կա­ցուց, որ Պա­քու Մոս­կուա­յի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ նոր սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման շուրջ ու շա­հագրգ­ռուած է պաշտ­պա­նու­թեան նո­րա­գոյն հա­մա­կար­գեր ձեռք բե­րե­լով։ «Ա­յո, մենք բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րենք նոր գնում­նե­րու շուրջ։ Ձե­զի ա­ւե­լի լաւ յայտ­նի է՝ որ­քան զար­գա­ցած է ռու­սա­կան ռազ­մա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը։ Մենք շա­հագրգ­ռուած ենք հիմ­նա­կա­նին մէջ ա­մե­նաար­դիա­կան պաշտ­պա­նա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն ձեռք բե­րե­լով, նոր մշա­կում­նե­րով։ Սա կը վե­րա­բե­րի թէ՛ ուղ­ղա­թիռ­նե­րու եւ թէ պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կար­գե­րու ամ­բողջ հա­մա­լի­րին։ Սա շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծըն­թաց մըն է», ը­սաւ Իլ­համ Ա­լիեւ եւ ա­ւել­ցուց, որ սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի նոր հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը ու­նին լաւ հե­ռան­կար­ներ։ «Դուք գի­տէք պատ­մու­թիւ­նը, թի­ւե­րը հրա­պա­րա­կուած են, պար­տա­ւո­րագ­րեր ստո­րագ­րուած են 5 մի­լիառ տո­լա­րի սահ­ման­նե­րով, ա­նոնց մեծ մա­սը ար­դէն ի­րա­կա­նա­ցուած է», ը­սաւ Ա­լիեւ։

Տա­ւո­սի մէջ Ա­լիեւ կ՚ու­նե­նայ նաեւ շարք մը երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Այս ծի­րէն ներս ան տե­սակ­ցած է Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քո­յի հետ։ Ա­լիե­ւի զրու­ցա­կից­նե­րու կար­գին գտնուած է նաեւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի։

Միւս կող­մէ, «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ռու­սաս­տան կրնայ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս տե­ղա­կա­յել իր նո­րա­գոյն ռա­տիօ­տե­ղո­րո­շիչ կա­յան­նե­րէն մին։ Ըստ ռու­սա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րուն, հա­ւա­նա­կան է, որ Ռու­սաս­տան «Նե­ւօ-Մ» կո­չուած այդ ռա­տիօ­տե­ղո­րո­շիչ կա­յա­նը Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քէն ներս հաս­տա­տէ։ Կիւմ­րիի ռու­սա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս այդ կա­յա­նին հաս­տա­տու­մը նա­խա­տե­սուած է, ինչ որ կը հա­մա­րուի շատ տրա­մա­բա­նա­կան։ Այս քայ­լը պի­տի ըլ­լայ պա­տաս­խան՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Իս­րա­յէ­լէն ձեռք բե­րուած Green Pine տե­ղո­րո­շիչ կա­յան­նե­րուն հա­մար։ Բաց աս­տի, այդ քայ­լը հնա­րա­ւու­թիւն պի­տի տայ դի­տար­կե­լու հա­մար Վրաս­տա­նի, Թուր­քիոյ, Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի օ­դա­յին մար­զե­րու հսկա­յա­կան հա­տուա­ծը։ Ըստ կարգ մը ռուս մեկ­նա­բան­նե­րու, ե­թէ այդ ռա­տիօ­տե­ղո­րո­շիչ հա­մա­կար­գը տե­ղա­կա­յուի Հա­յաս­տա­նի մէջ, ա­պա ա­նոր հզօ­րու­թիւ­նը թոյլ պի­տի տայ դի­տար­կե­լու նոյ­նիսկ ՆԱ­ԹՕ-ի եւ Իս­րա­յէ­լի ռազ­մա­կան չար­տօ­նեալ թռիչք­նե­րը Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ։

Հարկ է նշել, որ ռու­սա­կան բա­նա­կը ներ­կա­յիս այս նո­րա­գոյն ռա­տիօ­տե­ղո­րո­շիչ հա­մա­կար­գե­րէն ու­նի տասն հատ։ Ա­նոնք կ՚օգ­տա­գոր­ծուին երկ­րի ա­րե­ւե­լեան եւ ա­րեւմտեան հա­տուած­նե­րուն մէջ։

ՊՐԻՒՔ­ՍԵ­ԼԻ ՄԷՋ ԺՈ­ՂՈՎ

Սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ Հա­յաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Մով­սէս Յա­կո­բեանն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն Պրիւք­սե­լի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Հիւ­սիս Ատ­լան­տեան դա­շին­քի ռազ­մա­կան կո­մի­տէի հան­դիպ­ման։ ՆԱ­ԹՕ-ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այդ ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան դա­շի­նքի ան­դամ կամ գոր­ծըն­կեր եր­կիր­նե­րու ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ­նե­րը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ժո­ղով­նե­րէն վերջ Պրիւք­սե­լի մէջ Մով­սէս Յա­կո­բեան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ­նե­րու միա­ւո­րուած կո­մի­տէի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տի հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէ ներս հայ-ա­մե­րի­կեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գե­րա­կա­յու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը՝ յատ­կա­պէս մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պահ ջան­քե­րու մաս­նակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017