ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սեպաստիան Քուրց վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Ան տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Ինչպէս արդէն հաղորդուած էր, Քուրց-Լաւրով հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, որու կարգաւորման գործընթացը յառաջ կը տար-ւի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ։ Քուրց Մոսկուայի մէջ յայտնեց, որ Ռուսաստան կրնայ վճռորոշ դերակատարութիւն ունենալ ԵԱՀԿ-ի տարածքէն ներս առկայ ճգնաժամերու յաղթահարման ուղղութեամբ։ «Սփութնիկ» գործակալութեան տուած հարցազը-րոյցին մէջ ալ ան ըսաւ. «Ռուսաստան կրնայ վճռորոշ դեր խաղալ առկայ ճգնաժամերու խաղաղ լուծման նպատակով կառուցողական երկխօսութեան աջակցման գործին մէջ»։
Քուրցը հիւրընկալելու զուգահեռ Սէրկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերու լայն շրջանակը, երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը։ Ծանօթ է, որ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Մոսկուա։ Նալպանտեան եւ Լաւրով այդ բարձր մակարդակի շփումներուն ընդառաջ շօշափեցին պաշտօնական այցի նախապատրաստութիւններուն ընթացքը։
Նախարարները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Այսպէս, անոնք կանգ առին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերեալ հարցեր։ Նալպանտեան եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներու շուրջ։
Միւս կողմէ, Նալպանտեանի Մոսկուա կատարած այցելութեան հետ նոյնաժամանակ, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան մեկնաբանեց Սէրկէյ Լաւրովի վերջին ծանօթ յայտարարութիւնները՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-խընդրին շուրջ։ Ըստ փոխ-նախարարին, Լաւրովի յայտարարութեան մէջ չկայ դիրքորոշման փոփոխութիւն։ «Համանախագահներու դիրքորոշումը վաղուց յայտնի է նաեւ այն յայտարարութիւններէն, որոնք բազմիցս կատարուած են, ուղղակի Ատըր-պէյճան միշտ անոնցմէ դուրս գործած է եւ սա է պատճառը, որ այս յայտարարութիւնը քննարկուեցաւ», յայտնեց Շաւարշ Քոչարեան Երեւանի մէջ Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովի աւարտին լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու նկատառման յանձնեց նաեւ, որ համանախագահներու անհասցէ յայտարարութիւնները Ատրպէյճանին հնարաւորութիւն կու տան՝ աւելի սանձարձակ գործելու։ Անդրադառնալով Արցախի ճակատի վերջին բախումներուն եւ անոնց յաջորդած արձագանգին՝ Շաւարշ Քոչարեան մատնանշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի յայտարարութիւնները միշտ ունեցած են այդ թերութիւնը։