ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԵՐԷԿ ԴԱՐՁԵԱԼ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ԵՒ ՅՈՒԶՈՒՄՈՎ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իրեն դէմ կատարուած մահափորձի 10-րդ տարելիցին առթիւ։ Այս առթիւ հազարաւորներ բիւր յարգանքով եւ յուզումով հերթական անգամ վերյիշեցին զինքը։
Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին առթիւ ոգեկոչման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ իր հիմնադրած թերթի նախկին խմբագրատան շէնքին առջեւ, ուր ան դարձած էր դաւադիր փամփուշտներու թիրախը։ Իր սպաննուած վայրին մօտ թողուեցան մեխակներ։ Շէնքի ճակատին վրայ ալ պարզուած էր մեծադիր պաստառ մը Հրանդ Տինքի դիմանկարով եւ այդ պաստառին վրայ կային գրառումներ՝ իրեն նկատմամբ կարօտի մասին։
Ոգեկոչումներուն ծիրէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք, որու կողքին էին իր երեք զաւակները։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ոստիկանութիւնը անվտանգութեան խիստ միջոցներ ձեռք առած էր Հրանդ Տինքի յիշատակին ձօնուած արարողութեան համար։