ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԻՐ ԵՐԴՈՒՄԸ ԵՒ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՇՏՕՆԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփ այսօր պաշտօնապէս կը ստանձնէ նախագահի պաշտօնը։ Ան կը յաջորդէ Պարաք Օպամային, որ անցեալ շուրջ ութ տարիներուն երկու շրջան ղեկավարեց ներկայ աշխարհի հիմնական գերտէրութիւնը։
Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը այսօր կեդրոնացած է Սպիտակ տան վրայ, ուր կ՚իրականացուի պաշտօնի փոխանցման արարողութեան ծրագրին մէկ մասը։ Թրամփի երդումն ալ տեղի կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսէն ներս։ Բարձրագոյն ատեանի աւագ դատախազ Ճոն Ռապըրթսի առջեւ ան իր նախագահական երդումը կը կատարէ՝ ձեռքը դնելով Աւետարանին վրայ։
Այսպէսով ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ կը սկսի նոր շրջան մը։ Նոր նախագահի պաշտօնակալման օրուան ծրագրին մէջ նախատեսուած է նաեւ պարահանդէս մը։