«ՀԱՅՈՒ ՏՈՒՆ» ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԸ

Հայաստանի Լոռիի մարզի Սանահին գիւղին մէջ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր կը գործէ «Հայու տուն» մշակոյթի եւ զբօսաշրջական կեդրոնը, որ մեծ հետա-քըրքրութիւն կը ստեղծէ զբօսաշրջիկներու մօտ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, «Մեսրոպ Մաշտոց» խօսքի մշակոյթի կեդրոնի նախագահ, «Հայու տուն» մշակոյթի եւ զբօսաշրջական կեդրոնի հիմնադիր Նատիա Անտոնեանի խօսքով՝ կեդրոնին մէջ Սանահինի երեխաները կը բեմադրեն հայկական հարսանիք եւ շարք մը աւանդական ծէսեր։ Անտոնեան նշեց, որ կեդրոնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 2017 թուականի Մայիսի 21-ին, սակայն սկզբնական աշխատանքները սկսած էին աւելի առաջ։

«Կեդրոն այցելեցին բազմաթիւ երկիրներէ ժամանած զբօսաշրջիկներ, որոնք մեծապէս տպաւորուեցան կեդրոնով ու ըսին, որ իրենք բացայայտեցին հոգեւոր, մշակութային նոր Հայաստանը։ Անոնք մեզի հետ հայկական պարեր պարեցին, ծանօթացան եւ նոյնիսկ մասնակցեցան ծիսակատարութիւններուն, ինչպէս նաեւ համտեսեցին աւանդական կերակուրները», ըսաւ Նատիա Անտոնեան։

Նատիա Անտոնեան արտայայտուեցաւ կեդրոնի ստեղծման գաղափարին մասին ու ըսաւ. «Երբ վերադարձայ Սանահին, նկատեցի, որ գիւղին մէջ երեխաներու մօտ աշխուժութիւն չկայ։ Մտածեցի, եթէ ես ունիմ ներուժ եւ մանկավարժի փորձ, ինչո՞ւ չստեղծեմ նման կեդրոն մը։ Ես եւ ամուսինս՝ Սօս Մարտիրոսեան որոշեցինք մեր պապական տունը դարձնել զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի կեդրոն»։

Այս ձեռնարկը կատարուած է «Բացայայտէ երկիրդ» արշաւի շրջանակներէն ներս՝ Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան, Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի եւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ։

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018