ԱՐԺԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը ամենայն հաւանականութեամբ դառնայ Արմէն Սարգսեան, որ յայտնի ու հեղինակաւոր պետական-քաղաքական գործիչ մըն է։ Երէկ, հայկական քաղաքական աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հրապարակուելիք անունին վրայ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ի շարունակութիւն վերջին օրերուն քաղաքական շրջանակներու եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ շրջանառութեան մէջ մտած ամենահաւանական թեկնածուի վերաբերեալ խօսակցութիւններուն՝ յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը նախագահի թեկնածու առաջադրել որոշած է Արմէն Սարգսեանը։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Հայաստանի Սահմանադրութիւնը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան, որու հիման վրայ երկրի կառավարման համակարգը կիսանախագահականի փոխարէն դարձաւ խորհրդարանական։ Խորհրդարանական կառավարման դրութեան հաստատման զուգահեռ՝ երկրին մէջ հանրապետութեան նախագահը այլեւս ուղղակիօրէն ժողովուրդին կողմէ պիտի չընտրուի։ Հայաստանի Ազգային ժողովն է, որ պիտի ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը։ Խորհրդարանական համակարգին մէջ, ինչպէս աշխարհի մէջ ընդհանրացած երեւոյթ է, երկրի կառավարման դրութեան առանցքին պիտի գտնուի կառավարութիւնը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, յառաջիկային այլեւս հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւններ տեղի պիտի չունենան Հայաստանի մէջ, այլ տեղի պիտի ունենան միայն խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքի հիման վրայ պիտի ձեւաւորուին կառավարութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտին այլեւս Հայաստան վերջնականօրէն անցում պիտի կատարէ դէպի խորհրդարանական կառավարման դրութիւն։ Այս համակարգին մէջ յամենայնդէպս գոյութիւն պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ մը, որ սկզբունքօրէն պիտի ըլլայ պետութեան գլխաւոր դէմքը։ Անցումային այս շրջանին, որքան որ ալ ապագայ հանրապետութեան նախագահին յարաբերաբար աւելի խորհրդանշական պարտականութիւն մը պիտի վիճակի, երկրի օրակարգի հիմնական հարցերէն մին դարձած է, թէ ո՛վ պիտի ստանձնէ այդ պաշտօնը։ Այս առումով երկար ժամանակէ ի վեր կը ծաւալուէին քննարկումներ։ Նկատի ունենալով, որ նոր նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանին կողմէ՝ ուշադրութիւնները կեդրոնացած էին Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան վրայ։ Արդարեւ, այս քաղաքական ուժն է, որ մեծամասնութիւն ունի Հայաստանի խորհրդարանէն ներս։ Եւ քանի որ խորհրդարանը պիտի ընտրէ նոր նախագահը, ուրեմն Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան դիրքորոշումը նախախնամական կը համարուի յառաջիկայ գործընթացին մէջ։ Կուսակցութեան շրջանակներէն ներս եւ կուսակցական մարմիններուն կողմէ ծաւալուած քննարկումներէն վերջ յայտարարուեցաւ, որ որոշուած է առաջադրել Արմէն Սարգսեանի անունը՝ որպէս հանրապետութեան նախագահի թեկնածու։

Այս իրավիճակին մէջ, Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արմէն Սարգսեանի հետ։ Նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցած զրոյցը արժանացաւ հանրային կարծիքի եւ զանգուածային լրատուական միջոցներու անմիջական ուշադրութեան։ Սերժ Սարգսեան զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ փափաքելի է, թէ հանրապետութեան նոր նախագահը խորհրդարանին կողմէ ընտրուի լայնախարիսխ համաձայնութեան մը հիման վրայ։ Իր կարգին, Արմէն Սարգսեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ ըսաւ, որ այդ պատուաւոր պաշտօնի գլխուն, եթէ ընտրուի պիտի ջանայ արդարացնել իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած մեծ վստահութիւնը։

Հայաստանի մէջ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը նախատեսուած է Մարտի 2-ին։

 

Շաբաթ, Յունուար 20, 2018