ԹԱՒՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՉԱՈՒՇԵԱՆ ՆՈՒԱԳԵՑ «ՍԱՊԱՆՃԸ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ հայազգի նշանաւոր թաւջութակահար Ալեքսանտր Չաուշեան, որ խոր տպաւորութիւն թողեց երաժշտասէրներուն վրայ։ «Սաքըպ Սապանճը» թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ իր ելոյթը՝ «Իսթանպուլի նուագահանդէսներ»ու ծիրէն ներս։ Սա այս շարքի 114-րդ ելոյթն էր։ Այս ելոյթներու շարքը 13 տարիէ ի վեր կը շարունակուի եւ Ալեքսանտր Չաուշեանի նուագահանդէսը 2019-2020 շրջանի չորրորդն էր։ Երկու արարներէ բաղկացեալ յայտագրի ողնայարը կազմեցին Պախի ստեղծագործութիւնները։ Ալեքսանտր Չաուշեան արդարացուց իր համբաւը բարձր որակի կատարումներով։ Ձեռնարկի մասնակից երաժշտասէրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին զինքը։ Որպէս պիս՝ Ալեքսանտր Չաուշեան ունկնդիրներուն հրամցուց հայկական երաժշտութեան ամենախորհրդանշական գործերէն «Կռունկ»ը։

Երեկոյթին հետեւեցան նաեւ «Միմար Սինան» համալսարանի Գեղարուեստից ակադեմիայէն՝ յատուկ ձիրքերով թաւջութակի սաներ։ Իրենց ուսուցչին գլխաւորութեամբ՝ երեկոյթի աւարտին անոնք ներկայացան Ալեքսանտր Չաուշեանին, որ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ պատանի արուեստագէտներուն նկատմամբ եւ մաղթեց յաջողութիւններ։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020