ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ երէկ Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որու նպատակն էր լուծում մը գտնել՝ յաղթահարելու համար Լիպիոյ առկայ տագնապը։ Միջազգային գրեթէ բոլոր յառաջատար երկիրները ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչներով մասնակցեցան այս խորհրդաժողովին։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ մեկնեցաւ Պերլին՝ մասնակցելու համար խաղաղութեան ուղղեալ այս ջանքերուն։

Լիպիոյ տագնապի յաղթահարման միտուած այս խորհրդաժողովին ժամանակ սեղանի շուրջ համախմբուեցան տասներկու երկրի եւ չորս միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ։ Թէեւ մշտական հրադադար մը ապահովելու ուղղութեամբ որոշում մը առնել հնարաւոր չեղաւ, սակայն բոլոր կողմերը համաձայնեցան, որպէսզի յարգեն զէնքի վաճառքի ամպարկոն եւ հակամարտ կողմերուն ռազմական օժանդակութիւն չցուցաբերել։ Այս բոլորը վերահսկելու համար ստեղծուեցաւ միջազգային դիտարկման կոմիտէ մը, մինչ յառաջիկայ օրերուն զինուորական կոմիտէն ալ ժողով մը պիտի գումարէ Ժընեւի մէջ։

Երէկուան խորհրդաժողովէն առաջ նախագահ Էրտողան Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ան յայտնեց, որ մշտական խաղաղութեան հաստատման համար միասնաբար պայքար կը մղեն եւ Պերլինի խորհրդաժողովն ալ այդ պայքարի արդիւնքներէն մին է։ Նախագահ Էրտողան համոզուած է, որ Լիպիոյ մէջ անդորրութեան վերականգնման համար պէտք է յարգել հրադադարը ու վերադառնալ քաղաքական գործընթացին։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020