13-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ
«Ակօս» շաբաթաթերթի նահատակեալ հիմնադիր Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ իր դէմ կատարուած ոճրագործութեան 13-րդ տարելիցին առթիւ։ Հոգելոյս Հրանդ Տինքի համար նախ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Պալըքլըի ազգային գերեզմանատան հողակոյտին վրայ։ Շիրմին շուրջ համախմբուածները աղօթեցին իր յաւիտենական հանգիստի խաղաղութեան համար։
Աւելի վերջ, իր դէմ կատարուած մահափորձի ժամուն Հրանդ Տինքի համար ոգեկոչման բացօթեայ հաւաք մը տեղի ունեցաւ Օսմանպէյի մէջ՝ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան գտնուած շէնքին առջեւ։ Հայերէն եւ թրքերէն մեղեդիներու նուագին զուգահեռ բոլորը հերթական անգամ իրենց խոնարհումը բերին Հրանդ Տինքի յիշատակին առջեւ։ Ներկայ էին իր այրին՝ Ռաքել Տինք եւ հարազատները։ «Հրանդի ընկերներուն» անունով ելոյթով մը հանդէս եկաւ Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը։
Միւս կողմէ, Պատրիարքական Աթոռն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հրանդ Տինքի մահուան 13-րդ տարելիցին առթիւ։ «Իր սպանութեան 13-րդ տարելիցին Հրանդ Տինքի համար արդարութեան մեր պահանջը կը կրկնենք հերթական անգամ», նշուած է Պատրիարքարանի դիւանի ստորագրութեամբ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։