ԳԻՐՔ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երէկ, Երեւանի մէջ եզակի ցուցահանդէսի մը բացումը կատարուեցաւ։ «Կամք, իմաստութիւն, սէր» խորագրեալ անուանի հայ արուեստագէտներու բացառիկ գործերու ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը։ Միեւնոյն ժամանակ, ներկայացուեցաւ «Յիսուս Քրիստոսի կերպարը 20-րդ դարու եւ արդի հայ արուեստի մէջ» անուանեալ գիրքը, որու հեղինակն է Սաթենիկ Վարդանեան։

Հայաստանի Նկարիչներու միութենէն ներս կազմակերպուած այս ձեռնարկը ունէր նաեւ որոշ չափով հոգեւոր բնոյթ։ Յետպատերազմեան դժուարութիւններու առկայ մթնոլորտին մէջ յատկանշական ձեռնարկ մը եղաւ այս մէկը, որ եկաւ համախմբել բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։

Այս ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են Վարդգէս Սուրէնեանցի, Եղիշէ Թադէոսեանի, Յակոբ Կիւրճեանի, Գրիգոր Խանճեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Սերկէյ Փարաճանովի եւ խումբ մը այլ անուանի հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները։ Ցուցադրուած են նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանի հաւաքածոներու կարգ մը նմոյշներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2021