ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ Creative Armenia հիմնարկը որոշած են 2021 թուականին խրախուսել եօթ արուեստագէտներ՝ որպէս fellow-ներ։ Այսպէս, «Creative Armenia-AGBU Fellowship»ի ծիրէն ներս այս տարի խրախուսելի եօթ արուեստագէտներուն կողմէ ներկայացուած եզակի նախագիծը արժանացած է բարձր գնահատանքի եւ անոր ի նպաստ կը տրամադրուի ելմտական աջակցութիւն։ Այդ նախագիծը գնահատուած է մենթորութեան եւ յառաջխաղացման ռազմավարութիւններու ծրարի մը նշանակութիւն ունենալու բերումով։ Միեւնոյն ժամանակ, այդ մէկը արժեւորած է քարիէրի բեկումնային զարգացման տեսանկիւնէն։

«Creative Armenia-AGBU Fellowship»ի 2021 թուականի խրախուսեալները կը հանդիսանան՝ գրող Օլիվիա Քաթրանճեան (Լիւքսեմպուրկ), երաժիշտ եւ երգահան Նոյ Կարապետեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), համադրող Նայիրի Խաչատրեան (Հայաստան), շարժանկարի բեմադրիչ ու գրող Էմիլի Մկրտիչեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), երաժիշտ ու երգահան Պէյ Ռում (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), մետիայի արուեստագէտ ու ճարտարապետ Արուսեակ Գաբրիէլեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ նկարիչ ու անիմաթէօր  Արեւիկ Տոր (Պելժիա)։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամուհիներէն Անի Մանուկեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք այս հիանալի արուեստագէտներով։ Անոնք ի ցոյց կը դնեն ստեղծարար մտքի լայն սահմաններն ու խորութիւնը, զորս հայերը կրնան առաջարկել աշխարհին»։

Իր կարգին, Creative Armenia-ի հիմնադիր փոխ-տնօրէն Ալեք Մուհիպեանն ալ ըսաւ. «Այս փայլուն արուեստագէտները կը ստեղծեն մշակոյթ մը, որ մնայուն է։ Սա, անշուշտ, կ՚ըլլայ տոկունութեան, նորարարութեան եւ անսահման հնարաւորութիւններու մշակոյթ մը»։

Մինչ  2021 թուականի «fellow»ները կը սկսին իրենց ուղին, անցեալ տարուանները՝ կը շարունակեն իրենց դերը՝ որպէս Հայաստանի ստեղծարար դեսպանները, առաջնորդելով արուեստագէտներու յաջորդ սերունդը։ Անցեալ տարուան «fellow»ներն էին՝ խմբավար ու երգահան Ալեքսանտր Իրադեան, կրաֆիքի նկարիչ եւ համադրող Նուարդ Երկանեան, թատրոնի բեմադրիչ-պարուսոյց Ցոլակ Մլքէ-Գալստեան, երգահան ու ճազի դաշնակահար Զելա Մարկոսեան, շարժանկարի բեմադրիչ Վահագն Խաչատրեան եւ երգահան Արմէն Պազարեան։

Այժմ պատմական երրորդ ժամկէտին մէջ «Creative Armenia-AGBU Fellowship»ի նախագիծը կը շարունակուի՝ սկիզբ առած ըլլալով 2018 թուականին։ Creative Armenia-ն մշակութային հիմնարկ մըն է, որ հայ ժողովուրդի համար կը յայտնաբերէ, կը զարգացնէ ու կը խթանէ արուեստի զանազան ոլորտներու նորարար ստեղծագործողներ։

ՀԲԸՄ-ն ալ տասնամեակներէ ի վեր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ հայ արուեստագէտներուն համար՝ վայելելով սփիւռքահայութեան վստահութիւնը։ Ան կը տրամադրէ կատարողական արուեստի համալսարանական կրթաթոշակներ, կ՚ապահովէ ամառնային աշխատափորձեր եւ մասնագիտական նախագիծեր. օրինակ՝ «Երաժշտական Հայաստան»ը եւ «Սայաթ Նովա» միջազգային մրցոյթը։ Այս վերջինները կը գործեն ՀԲԸՄ-ի Կատարողական արուեստի բաժանմունքի հովանաւորութեան ներքեւ։ Այդ բաժանմունքը Միացեալ Նահանգներու մէջ գործել սկսած է 2012 թուականին, իսկ Եւրոպայի մէջ՝ 2016 թուականին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2021