ՍԹՈԼԹԵՆՊԵՐԿ ԽՕՍԵՑԱՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԱՍԻՆ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ հարկաւոր է գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի քաղաքական լուծումը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ֆրանսայի Արտաքին յարաբերութիւններու գիտական դպրոցին (Փարիզ) կողմէ կազմակերպուած համաժողովի մը ընթացքին ընդհանուր քարտուղարը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Միանշանակ է, որ մենք պէտք է զանազան հակամարտութիւններուն համար քաղաքական լուծում գտնենք՝ Մոլտովայի մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, զոր դուք յիշատակեցիք։ Մեր հիմնական պատգամն է, որ հարկաւոր է յարգել պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը։ Հիւսիս Ատլանտեան դաշինքը կ՚աջակցի այն բոլոր ջանքերուն, որոնք միտուած են քիչ թէ շատ սառեցեալ համարուած հակամարտութիւններու քաղաքական լուծման»։

Վրաստանի եւ Ուքրայնայի պարագային ալ ընդհանուր քարտուղարի ձեւակերպումները նուազ դիւանագիտական չէին։ Սթոլթենպերկի խօսքով, այդ երկիրներու՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցելու հարցին մէջ Մոսկուայի պաշտօնական կարծիքը որեւէ նշանակութիւն չի կրնար ունենալ։

Եէնս Սթոլթենպերկ դիտել տուաւ, որ դաշինքը հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ նաեւ նոր հակամարտութիւններու օճախներու ստեղծուիլը կանխելու համար։ Ան այս կապակցութեամբ վառ օրինակ մը նկատեց Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ միջնորդի դերակատարութեան ստանձնուիլը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2021