ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՄՈՒՐ ԿԱՄՔ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը շարունակէ զբաղեցնել քաղաքական օրակարգը։ Երեւան-Անգարա կապերու կարգաւորման հեռանկարը ծնունդ կու տայ բազում հարցականի։ Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը՝ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Ժողովէն առաջ հաղորդուած էր, որ օրակարգի վրայ կու գայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Բայց եւ այնպէս, Պեշթեփէի մէջ տեղի ունեցած նիստին յաջորդած պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձ չկատարուեցաւ այս հարցին։ Երեւանի մէջ ալ նիւթը օրակարգի վրայ էր։ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխան՝ կառավարութեան անդամներու մասնակցութեամբ։ Թէ՛ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս փուլին անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան գործընթացին։ Խորհրդարան-կառավարութիւն հարցում-պատասխանի ժամանակ հնչած յայտարարութիւնները մեկնաբանուեցան՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի Մոսկուայի առաջին հանդիպման լոյսին տակ։

Պատասխանելով ընդդիմադիր երեսփոխանի մը հարցումին՝ Փաշինեան ըսաւ. «Լիազօրած եմ Ռուբինեանը, սակայն գործընթացի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրեմ ես։ Ռուբէն Ռուբինեանը յատուկ ներկայացուցիչի կարգավիճակով օժտելու որոշումը ես առած եմ՝ քաղաքական նպատակայարմարութիւնով։ Ռուբէն Ռուբինեանը հաշուետու է ինծի, Անվտանգութեան խորհուրդին, նաեւ մեծ հաշուով՝ ժողովուրդին»։

Նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ պատասխանեց զանազան հարցումներուն՝ անդրադառնալով թէ՛ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին եւ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ խնդիրներուն։ Ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց մօտաւոր անցեալին Սթոքհոլմի մէջ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ ունեցած հանդիպման շուրջ։ Նախարարը ըսաւ. «Մենք պաշտօնական հանդիպում մը չենք ունեցած։ Ուղղակի սենեակէ մը միւս սենեակ կապող միջանցքին քալելու ժամանակ կողք կողքի քալած ենք, զիրար բարեւած, ծանօթացած, յարաբերութիւններու կարգաւորման պատրաստակամութիւն յայտնած, խօսած յատուկ ներկայացուցիչ նշանակելու մասին, պայմանաւորուած՝ երկիր վերադառնալու պէս նշանակել յատուկ ներկայացուցիչ եւ սկսիլ գործընթաց։ Կը կարծեմ, թէ սա լաւ խօսակցութիւն է, պաշտօնական հանդիպում չէ, բայց հանդիպում է եւ ազդակներն ալ դրական են»։ Միրզոյեան աւելցուց, որ գաղտնի որեւէ հանդիպման մասին խօսք չկայ եւ հաղորդագրութիւն մը չէ հրապարակուած, որովհետեւ հանդիպումը պաշտօնական չէր։

Խորհրդարանի ամպիոնէն երէկ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումէն վերջ թրքական եւ հայկական կողմէն որեւէ նախապայման յառաջ չէ քշուած՝ գործընթացը սկսելու կամ զայն աւարտին հասցնելու համար։ «Ըստ էութեան, գործընթացը սկսած է, ճանաչողական եւ թեքնիկ բնոյթ ունեցած է, ինչ-որ առումով բովանդակային մանրամասնութիւններու եւ ապագայ ընթացքի վերաբերեալ քննարկում ու հերթական անգամ տեսանք, թէ որեւէ նախապայման չկայ», շարունակեց Միրզոյեան ու պատասխանեց նաեւ Զանգեզուրի միջանցքի վերաբերեալ առկայ մտահոգութիւններու լոյսին տակ. «Այստեղ կրկին մեր դիրքորոշումը վաղուց եւ բազմիցս արտայայտուած է։ Մենք որեւէ միջանցքային տրամաբանութեան պիտի չհամաձայնինք։ Սա մեզի համար անընդունելի է։ Մենք կողմնակից ենք տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման։ Կը գիտակցինք, որ այդ ապաշրջափակումով ինչպէս Հայաստան երկաթուղային կամ ցամաքի ճանապարհներ պիտի ստանայ Ատրպէյճանի տարածքով, սահմանի բացման պարագային նաեւ Թուրքիոյ տարածքով, այնպէս ալ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան պէտք է կարողանան օգտուիլ Հայաստանի ճանապարհներէն։ Այստեղ կարեւորը այն է, որ մեզի համար եւ, կարծես թէ այդպիսի ընկալում ունինք կամ պէտք է ըլլայ, որ որեւէ ճանապարհէ ով որ օգտուի, երրորդ կողմը պէտք է ըլլայ այդ երկրի ինքնիշխանութեան եւ օրէնսդրութեան տակ՝ որու որ տարածքով կ՚անցնի։ Այսպէսով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով որեւէ միջանցք չի կրնար ըլլալ։ Չի կրնար ըլլալ նաեւ այն պատճառով, որ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ կայ մէկ միջանցք, սա Լաչինի միջանցքն է, մնացեալ ճանապարհներու մասին կը խօսուի՝ որպէս ճանապարհ»։

Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն նոյնիսկ չի փորձեր կասկածի տակ դնել ցեղասպանութեան պատմական փաստը։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022