«ՄԱԼԱԹԻԱ ՀԱՅՏԵՐ»Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան՝ «Մալաթիա Հայտեր»ի ընդհանուր ժողովը վերջերս գումարուելով ընտրեց նոր վարչութիւնը։ Սա միութեան հինգերորդ համագումարն էր, որու արդիւնքով վարչութեան առընթեր, ընտրուեցան նաեւ հակակշիռ եւ կարգապահական խորհուրդներու կազմերը։

Միութեան հինգերորդ շրջանի վարչութեան մաս կազմեցին՝ Ասլին Կիւրլէրօղլու-Էրպէք, Տաւիտ Էվեափան, Էլիզապէթ Փէյնիրճի, Կարապետ Օրունէօզ, Լենա Չիթելի, Մարի Օրունէօզ, Մենեքշէ Տիքթաշ, Մերիէմ Տելկի, Մուրատ Չեքէմ, Նուպար Օփան, Սարգիս Պոյաճը եւ Սեսիլիա Տելկի։

Հակակշռման խորհուրդին մաս կազմեցին՝ Կարպիս Տուրասլան, Խաչատուր Տելկի, Նուրհան Կեզտիրիճի, Արման Տելկի, Ճան Տուրասլան եւ Յարութիւն Չեքէմ։

Կարգապահութեան խորհուրդին մաս կազմեցին՝ Նարդուհի Աքքայաթաշ, Նշան Պոյաճը եւ Նուրիձա Եասուլքալ։

Միութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ընդհանուր ժողովը առիթ կը համարեն՝ վերանորոգելու համար երախտագիտական զգացումները «Մալաթիա Հայտեր»ի հիմնադիրներուն, նախորդ շրջաններու ատենապետներուն եւ անդամներուն, նաեւ տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիներուն նկատմամբ։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023