ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 16-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակեալ լրագրող Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր սպանութեան 16-րդ տարելիցին առթիւ։ Հոգելոյս Հրանդ Տինքի դէմ տեղի ունեցած մահափորձի տարելիցը անգամ մը եւս իր յիշատակին շուրջ համախմբեց հասարակութեան լայն խաւերու ներկայացուցիչներ։ Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած ոճրագործութեան տարելիցը ամէն տարի առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի հերթական անգամ, վերանորոգ ձեւով արտայայտուի իր պարագային արդարութեան ակնկալութիւնը, դէպքի բոլոր ծալքերու բացայայտման սպասումը։

Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցին առթիւ երէկ նախ հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ՝ Պալըքլըի գերեզմանատան իր շիրմին վրայ։ Աւելի վերջ, «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ բացօթեայ ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, շէնքի ամբողջ ճակատը ծածկուած էր հոգելոյս Հրանդ Տինքի դիմանկարը ցոլացնող մեծ պաստառով մը։ Շէնքի մուտքին բոլորը կարմիր մեխակներ թողեցին եւ մոմեր վառեցին ի յիշատակ Հրանդ Տինքին։ Ներկայ էին նահատակեալ լրագրողի այրին՝ Ռաքել Տինքը, Տինք ընտանիքի գրեթէ բոլոր անդամները, որոնք խոր յուզումով հետեւեցան ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին, «Հրանդի ընկերները» հարթակի ներկայացուցիչներ, կուսակցական կամ քաղաքական գործիչներ եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ։ Ոգեկոչման արարողութեան ժամանակ նուագուեցաւ Հրանդ Տինքի կողմէ այնքան սիրուած՝ «Սարի կեալին» ժողովրդական երգը՝ թէ՛ հայերէն եւ թէ թրքերէն տարբերակներով։

«Հրանդի ընկերները» հարթակին անունով ելոյթ մը ունեցաւ Պիւլենտ Այտըն, որ շեշտեց, որ արդարութիւնը տակաւին վերջնականօրէն չէ իրականացուած։ Հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ բեմադրիչ Էմին Ալփեր, որ ըսաւ. «Այստեղ ենք, որպէսզի եղբայրութեան պատմութիւնը գրենք»։

Հարկ է նշել, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ այս տարուան ոգեկոչման առթիւ ուղղուած կոչին մէջ նշուած էր մաղթանք մը, որպէսզի իրականութիւն դառնայ այնպիսի հասարակութիւն մը, ուր ոեւէ մէկը աղաւնիի անհանգստութեամբ պիտի չապրի։

Հարկ է նշել, որ Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցին նախորդած երեկոյեան ալ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան շէնքին ամբողջ ճակատին վրայ յատուկ լուսարձակներով եւ շողարձակումով ցոլացուած էին Հրանդ Տինքի դիմանկարն ու աղաւնիներ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի հանգուցեալ Հրանդ Տինքի ոգեկոչման համար աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան ձեռնարկներ։

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023