ՇԱ­ԲԱ­ԹՕ­ՐԵԱՅ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱՆ­ՆԵՐ

Այ­սօ­րուան տուեալ­նե­րով, Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նին մէջ մնա­ցած են սոսկ տաս­նեակ մը շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­ներ, ո­րոնք տա­կա­ւին ան­խոնջ կը գոր­ծեն հայ ազ­գի նո­րա­հաս սե­րուն­դի հա­յե­ցի սնման եւ ու­սուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րով: Հայ­կա­կան ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րուն թի­ւե­րու նուա­զու­մով հայ հա­մայնքը կ՚ակն­կա­լէր շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու բազմա­ցում, սա­կայն պա­րա­գան կը մնայ նոյ­նը, ա­ռանց ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թեան կամ ա­ռանց նոր ծրա­գիր­նե­րու ա­ռա­ջադր­ման: Յու­սա­հա­տու­թեան մատ­նուա­ծու­թեան կամ լքուա­ծու­թեան նշոյլ­ներ կը թուին ըլ­լալ մեր մէջ, հան­դէպ հայ լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման ա­ռա­քե­լու­թեան, ո­րոնք մեր հո­գի­նե­րու խոր ի­րակա­նու­թեան մէջ էին յետեղեռնեան տա­րի­նե­րուն, մին­չեւ ա­նոր 100-րդ տա­րե­լի­ցը: Կը բա­ւէ՞ր մի­թէ ո­գե­կո­չել  100-րդ տա­րե­դար­ձը մեծ շու­քով, եւ ապ­րիլ ա­նոր շու­քին տակ յա­ջորդ հարիւր տա­րի­նե­րուն... ա­ռանց հա­յա­խօս սե­րունդ­նե­րու:

Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի Ա­մե­րի­կա­յի հա­յաբ­նակ հա-մայնք­նե­րուն, ուր ափ մը շա­բա­թօ­րեայ հայ վար­ժա­րան­ներ կը մա­քա­ռին ի­րենց գո­յու­թիւ­նը պա­հե­լու յա­նուն հայ նոր սե­րուն­դի զա­ւակ­նե­րու հայ մշա­կոյ­թի եւ լե­զուի պահ­պան­ման, ա­ռանց դոյզն իսկ շա­հե­կան ա-կըն­կա­լու­թեան, եւ ա­ռա­ւել եւս՝ ա­նոր ջա­հա­կիր­նե­րու խո­րին եւ նուի­րեալ զո­հո­ղու­թեան: Սոյն պա­րա­գան սա­կայն, սոսկ ա­մե­րի­կեան ա­փե­րուն վրայ ե­րե­ւա­ցող պա­րա­գայ չէ թե­րեւս եւ կան նման պայ­ման­ներ եւ պա­րա­գա­ներ տար­բեր աշ­խար­հա­մա­սե­րու մէջ: Մենք, որ­պէս հայ ազ­գի զա­ւակ­ներ, կը մտա­ծե՞նք ար­դեօք մեր զա­ւակ­նե­րուն յա­ջորդ տաս­նա­մեակ­նե­րու ա­պագա­յով... որ­պէս հայ:

Շա­տեր ա­ռար­կե­ցին հայ վար­ժա­րան­նե­րու թո­շակ­նե­րուն ան­մատ­չե­լիու­թիւ­նը ի­րենց ե­կա­մուտ­նե­րուն ա­ռու­մով, եւ սա­կայն ա­նոնք ա­ռար­կե­ցին նաեւ շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րուն տա­րե­կան չնչին թո­շակ­նե­րը, ո­րոնք հա­մա­չափ չէին նոյ­նիսկ ի­րենց մէկ ընթ­րի­քին կամ մէկ օ­րուան պտոյ­տի ծախ­սե­րուն: Հոյլ մը բազ­մա­տե­սակ եւ ե­րան­գա­ւոր պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րու նո­րա­նոր տե­սա­կա­նի­ներ լսե­լի կը դառ­նա­յին տա­րե­մու­տի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ, ո­րոնք ար­ժա­նի էին «չեմ»ե­րու բա­ռա­րան­նե­րուն:

Շա­բա­թը մէկ օր է ըն­դա­մէ­նը, Շա­բաթ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-էն մին­չեւ 13.00-ը: Մեր նո­րա­հաս սե­րուն­դի զա­ւակ­նե­րը ար­ժա­նի չե՞ն մի­թէ պճե­ղիկ մը փոքր զո­հո­ղու­թեան ի­րենց ծնող­նե­րուն կող­մէ, որ­քա­նով որ զբա­ղած ըլ­լան ա­նոնք ի­րենց ա­ռօ­րեայ աշ­խա­տանքնե­րով, մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով կամ հա­ճոյք­նե­րով: Ակըն-կալուա­ծը ան­շուշտ գո­նէ մեր ու­նե­ցած ազ­գա­յին հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու պահ­պա­նումն է այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ուր տա­կա­ւին գո­յու­թիւն ու­նին հայ լե­զ-ւի սնու­ցան­ման խե­լա­գար ջա­հա­կիր­ներ, ո­րոնք սրտա­բուխ կ՚ըն­ծա­յեն եւ կը փո­խան­ցեն ի­րենց գի­տելիք­նե­րը մեր նոր սե­րուն­դին:

Ակն­կա­լուածն է նաեւ նո­րա­նոր շա­բա­թօ­րեայ վար-ժա­րան­նե­րու բա­ցում, որ­պէս մխի­թա­րանք փա­կուած հայ վարժա­րան­նե­րու փո­խա­րէն:

Ե՞րբ պի­տի արթն­նան խոր թմբի­րի մէջ մնա­ցած հա­յազգի­նե­րը թէ՝ ար­դէն կ՚ուղ­ղուինք դէ­պի օ­տա­րա­ցում եւ ձու­լում:

Խմբագ­րա­կան «Նոր Օր»ի

Լոս Ան­ճե­լըս

 

Շաբաթ, Փետրուար 20, 2016