ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի նախագահութեամբ, Պատրիարքական Աթոռոյս Կրօնական Ժողովի 13 Փետրուար 2017, Երկուշաբթիի նիստէն վերջ մեր համայնքի կեանքէն ներս յառաջացած են արտասովոր պայմաններ ու տեղի ունեցած՝ ցաւալի իրադարձութիւններ։ Աճապարանքէ խուսափելով հանդերձ, ներկայիս Պատրիարքարանս յարմար դատած է մերազն համայնքի բոլոր անդամներուն ու հանրային կարծիքի նկատառման յանձնել հետեւեալ կէտերը.
1- Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը մօտաւորապէս ինն տարիէ ի վեր գործնականօրէն թափուր է։ Այս ամբողջ ժամանակաշրջանը ապրուած է՝ որպէս երկար ու ցաւոտ անցումային շրջան մը։ Պատրիարքութիւնս միշտ վարուած է այն ենթադրութիւնով, թէ դժուարութիւններն ու վերիվայրումները առընչակից են այս գործընթացի բնոյթին հետ։ Իսկ անցեալ աշնան, Աթոռոյս Հոգեւորականաց Համագումարին կողմէ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը կոչուած է հանգստեան եւ այսպէսով պաշտօնապէս վերահաստատուած է՝ Աթոռին թափուր մնացած ըլլալու հանգամանքը։ Այս քայլը նոր պատրիարքի մը ընտրութեան հեռանկարը թէեւ յստակացուցած է, սակայն դժբախտաբար առիթ չէ եղած՝ մեր համայնքի վերիվայրումներու դադրեցման։ Ցաւով կը մատնանշենք, որ իրադարձութիւններուն բնոյթը վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին տագնապի մը մակարդակին հասած է։ Մերազն համայնքին կը փափաքինք յիշեցնել, որ պատրիարքական ընտրութեան թափ ստանալը ուղիղ համեմատութեան մէջ է մեր եկեղեցական կեանքի եւ հասարակական միջավայրի հնարաւորինս բնականոնացման հետ։
2- Իրողութիւնը այն է, որ առողջ ընտրութեան մը ձեռնարկել կարելի պիտի ըլլայ միայն ընդհանուր համաձայնութեան մը մթնոլորտին մէջ։ Պատրիարքարանս առկայ դժուարին փուլին մէջ մերազն համայնքի զաւակներուն կը յորդորէ՝ բեւեռացումներն ու բախումները թողուլ մէկ կողմ եւ ըլլալ միասնականութեան ու զօրակցութեան մէջ։ Դաս պէտք է քաղենք մեր ետին մնացած մօտաւորապէս ինն տարուան գործընթացէն։ Այս ուղղութեամբ պէտք չէ ստեղծենք քաւութեան նոխազներ, պէտք չէ իրարու գլուխը պահանջենք եւ համբերութեամբ, յարգանքով ու հանդուրժողութեամբ պէտք է կեդրոնանանք գործընթացի շարունակութեան վրայ։ Հասունութիւն պէտք է դրսեւորենք իրարու սխալներուն ներելով, պէտք է թարմացնենք մէկզմէկու նկատմամբ հաւատն ու վստահութիւնը եւ մանաւանդ պէտք է յիշենք, որ մեզմէ ոեւէ մէկը չունի իրարմէ հրաժարելու ճոխութիւնը։ Ինն տարուան այս դժուարին գործընթացի ընդհանուր արժեւորումը որքան որ ալ յոռետեսութիւն յառաջացնէ, շարունակութեան արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ զերծ պէտք է մնանք պարտադրանքներէ։
3- Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքի կրօնի, խղճի, հաւատի ու պաշտամունքի ազատութիւնները երաշխաւորուած են մեր պետութեան կողմէ։ Այս առումով պէտք չէ անտեսենք այն իրողութիւնը, թէ այս բարդ անցումային շրջանին մեր պետականութեան մօտեցումներն ու դերակատարութիւնը միշտ եղած են շինիչ։ Մեր համայնքի ներքին տարակարծութիւններուն զուգահեռ անցումային շրջանին ձեւաւորուած են կարգ մը հաւասարակշռութիւններ ու պէտք չէ մոռնանք, թէ անոնք պիտի փոխուին դարձեալ մեր համայնքի գործօններուն շնորհիւ, ներդաշնակութեամբ եւ համընդհանուր համաձայնութեամբ։
Այս առթիւ հարկ կը համարենք ընդգծել, որ մեր համայնքէն ներս լաւատեսութիւն մը յառաջացուցած է Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Նորին Գերազանցութիւն Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ փոխանցուած պատգամը, ըստ որու հանրաքուէէն վերջ ընտրութեան գործընթացին շուրջ պիտի չզլանայ իր հետաքրքրութիւնը։ Ուստի, Նորին Գերազանցութեան կը յղենք մեր ամենախորին երախտագիտութիւնն ու յարգանքը։
Մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն խորհուրդ կու տանք հաւատք չընծայել այն ապատեղեկութիւններուն, ըստ որոնց պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը ընդհատուած է մեր պետութեան միջամտութեան հետեւանքով։ Որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաւատարիմ քաղաքացիներ՝ ժամանակաւոր քաշքշուքներով կասկածներ չյառաջացնենք մեր պատասխանատուութեան գիտակցութեան տեսակէտէ։
4- Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վաղեմի կանոններուն, օրէնքներուն եւ աւանդութիւններուն համաձայն՝ մեր պատրիարքները ժողովուրդին եւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ կ՚ընտրուին միասնաբար։ Իսկ ընտրութեան գործընթացի ենթահողը կը պատրաստուի մեր հոգեւորականներուն կողմէ։ Հետեւաբար նոր հոգեւոր պետ մը ընտրելու ճանապարհին պէտք է տիպար ընթացք մը որդեգրենք՝ մեր Պատրիարքական Աթոռի ու մերազն համայնքի վարքին տեսակէտէ։
Նոյն ծիրին մէջ, դժկամութեամբ կը դիտարկենք, որ անձնական կիրքերով փորձեր կը կատարուին՝ Պատրիարքութեանս ենթակայ հոգեւոր հայրերը մաշեցնելու եւ հեղինակազրկելու տխուր նպատակով։ Պատրիարքարանիս ենթակայ հոգեւոր հայրերուն իւրաքանչիւրը մեր Աթոռի 550 տարուան խոր աւանդութեան մերօրեայ արժանապատիւ ներկայացուցիչը կը համարուի։ Անոնք կոչումի գիտակցութեամբ ու մեծ զոհողութեամբ կ՚աշխատին եւ մեր հոգեւոր հայրերու ձեւաւորած հասարակաց մտքին դէմ անարգանքը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան տեսանկիւնէն կը նկատուի ոտնձգութիւն եւ մերազն ժողովուրդին դէմ անպատասխանատուութիւն։ Մեր հոգեւոր հայրերու աչալրջութեան ուրացումն ու մանաւանդ սպառնալիքներու տեղի տալու վերաբերեալ պնդումները կը համարուին, մէկ խօսքով, տխուր։
5- Պատրիարքարանիս մէջ 16 Փետրուար 2017, Հինգշաբթի, շինիչ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի եւ Գերաշնորհ Տ. Սահակ Ս. Եպիսկոպոս Մաշալեանի միջեւ։ Տհաճ լարուածութեան մը մթնոլորտին մէջ մեր երկու սրբազաններուն վերջին հաշուով քանի մը օրուան ընթացքին ի մի գալը որպէս ձեռքբերում ընկալուած է՝ մեր համայնքի աչալուրջ բոլոր խաւերուն կողմէ։ Պատրիարքարանի նուիրական երդիքին տակ տեղի ունեցած այս տեսակցութիւնը կազմակերպուած է՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Պատուարժան Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի խտացեալ ջանքերով ու նախաձեռնութեամբ, միեւնոյն ժամանակ համայնքիս խումբ մը բանիմաց գործիչներու նպաստով։ Պատրիարքական Աթոռս, մերազն համայնքին առջեւ, այդ նախաձեռնութեան հեղինակները կը գնահատէ ամենաբարձր ձեւով։ Պէտք չէ անտեսենք, որ ընտրութեան գործընթացի առողջ եւ արագ տեւականացման առումով Պոլսոյ մեր երկու սրբազաններու ներդաշնակութիւնն ու համագործակցութիւնը թէեւ անբաւարար, սակայն անհրաժեշտ է։ Ակնյայտ է, որ անցումային շրջանին մէջ ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւնները այլեւս պէտք է փոխուին։ Մեր այս ուժը պէտք է օգտագործենք ո՛չ թէ անցումային շրջանի նոր հաւասարակշռութիւններ ձեւաւորելու, այլ՝ այլեւս ընտրութեան վրայ կեդրոնանալու համար։
6- Նոյնպէս 16 Փետրուար 2017, Հինգշաբթի, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած է հաւաք մը։ Պատրիարքարանս ցաւով դիտարկած է, որ այդ հաւաքոյթը մեծ լարուածութեան մը թատերաբեմը հանդիսացած է ու նոյնիսկ անհրաժեշտութիւն յառաջացած է ոստիկանութեան կողմէ միջոցներ ձեռք առնուելուն համար։
Մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամը իրաւունք ունի պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ բազմակողմանիօրէն իրազեկուելու եւ կարծիք յայտնելու։ Պատրիարքարանս հաւատարիմ կը մնայ այն սկզբունքին, թէ ամէն տեսակ կարծիքի ու մօտեցման նկատմամբ կը տածէ յարգանք եւ անոնց բոլորին նկատմամբ կը պահէ համահաւասար հեռաւորութիւն։ Աթոռս կը կարեւորէ այդ հաւաքին մասնակցութիւն բերած մեր բոլոր հաստատութիւններու վարիչներն ու մերազն համայնքի անդամները այնտեղ առաջնորդած մղումը եւ կը գնահատէ իւրաքանչիւրին զգայնութիւնը։ Հետեւաբար մերազն համայնքի բոլոր անդամներուն կոչ կ՚ուղղենք՝ որպէսզի քննարկումներ ծաւալեն աւելի պաղարիւն ու շինիչ ոգիով, փոխադարձ հասկացողութեան միջավայրի մը ամրապնդմամբ։ Նման հաւաքները պէտք է միտուած ըլլան մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերը իրազեկելու անկեղծ նպատակին ու պէտք չէ տեղափոխուին ազդեցութեան պայքարներու դաշտ։ Ընտրութեան ընդառաջ, անկախ հաւանական թեկնածուներէ ոեւէ մէկուն նկատմամբ զօրակցութեան կամ համակրանքի պարագաներէն, Պատրիարքարանս կը յիշեցնէ, որ մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամը առանց բացառութեան հարազատ զաւակն է մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Յամառօրէն կ՚ակնկալենք, որ նոյն Սրբալոյս Միւռոնով մկրտուած քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ կարծիքի փոխանակումները կատարուին համապատասխան ոգիով։ Դժուարութիւնները ո՛չ թէ պառակտումով այլ՝ միասնականութեամբ պիտի յաղթահարուին։ Ո՛չ թէ բեւեռացումներու այլ՝ անկեղծ համախմբումի մը գետինը պէտք է պատրաստենք։
Կը յուսանք, որ յառաջիկայ շրջանին հարցը այս տեսանկիւնէն պիտի դիտարկեն այն շրջանակները, որոնք կը ձգտին Պատրիարքարանս ներկայացնել որպէս կողմ եւ կամ զայն դարձնել թիրախ։ Այս յիշեցումը չի կատարուիր տուեալ պահու կարիքներուն բերումով, այլ կը բխի ներկայ բեկումնային փուլի կենսական նշանակութենէն։ Պատրիարքութեանս կողմէ բաշխուած օրհնութիւններէն համահաւասար բաժին կը վիճակի բոլորին անխտիր։
7- Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին, մեր երկու սրբազաններուն միջեւ ծագած տարակարծութիւնն ու զուգահեռաբար ստեղծուած մթնոլորտը ամէն գետնի վրայ լայն արձագանգ գտած ու մտահոգութիւն յառաջացուցած է։ Գերաշնորհ Տ. Սահակ Ս. Եպիսկոպոս Մաշալեան խնդիրը յանձնած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նկատառման։ Մերազն համայնքին կու գանք տեղեկացնել, որ այդ կէտէն սկսեալ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս խնդրին նկատմամբ անտարբեր չէ գտնուած եւ մեր երկու սրբազաններուն հետ մշակած է հայրական հաղորդակցութիւն մը։ Վեհափառ Հայրապետը յորդորներ փոխանցած է՝ որպէսզի խնդիրը կարգաւորուի երկխօսութեամբ ու համերաշխութեամբ եւ աղօթած է այս ուղղութեամբ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռս պարտք կը համարէ իր ամենախորին որդիական երախտագիտութիւնն ու յարգանքը յայտնել Նորին Սրբութեան նկատմամբ։
Վեհափառ Հայրապետին առաջարկով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս շաբաթ ի մի պիտի գան Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազանները։ Յառաջիկայ օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին պիտի ուղեւորուին Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Գերաշնորհ Տ. Սահակ Ս. Եպիսկոպոս Մաշալեան։ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Ս. Արքեպիսկոպոս Պէքճեանն ալ պիտի մասնակցի նախատեսուած աղօթքներուն եւ խորհրդակցութիւններուն։ Մեր Եկեղեցւոյ Սրբութիւն Սրբոցին մէջ, Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ, մեր սրբազանները աղօթակցութեան մթնոլորտի մը տրամադրութիւններով՝ հնարաւորութիւն պիտի ունենան իրենց բարոյական համարձակութիւնը վերանորոգելու։ Անտարակոյս այս առիթը պէտք է արժեւորուի նախանձախնդրօրէն։ Գործընթացին շարունակութիւնը ներկայիս կախում ունի այս խոր բարոյական որոնումէն։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ամբողջին մէջ, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը վարչական առումով ինքնավար է։ Հետեւաբար, ակնյայտ է, որ ընտրական գործընթացը չի կրնար յառաջ տարուիլ մեր Պատրիարքական Աթոռէն դուրս։ Այս առումով որեւէ ուղղորդում բացառուած է։ Բարոյապէս ու հոգեպէս վերանորոգուելէ վերջ, մեր եպիսկոպոսները պիտի վերադառնան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եւ պիտի սկսին ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ շօշափելի աշխատանքներու։ Այս ծիրին մէջ նախատեսուած են՝ տեղապահի մը ընտրութիւնը, նոր նախաձեռնարկ մարմնի մը կազմուիլը եւ աւելի վերջ ալ Իսթանպուլի Կուսակալութեան միջոցաւ պետութեան մօտ դիմումը։ Դոյզն իսկ շեղում մը պիտի չըլլայ մեր աւանդական գիծէն եւ այս մասին ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկածի։ Լիայոյս ենք, որ մերազն համայնքի բոլոր խաւերը պիտի վարուին չափաւորութեամբ եւ նախանձախնդրօրէն պիտի ձեռնարկեն պատրաստութիւններու։ Պատրիարքարանս ծայր աստիճան կարեւորութիւն կ՚ընծայէ նաեւ մեր համայնքային մամլոյ նպաստին նկատմամբ։
8- Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը կոթողային խորհրդանշան մըն է՝ մեր ժողովուրդի այս աշխարհագրութեան մէջ պատմական ներկայութեան, ստեղծագործած արժէքներուն ու պաշարին եւ հասարակաց յիշողութեան տեսակէտէ։ Աթոռոյս կայունութեան համար պարտականութիւն կը վիճակի մերազն համայնքի իւրաքանչիւր անդամին։ Մասնաւորապէս բոլորին աղօթակցութիւնը, բարի կամեցողութիւնն ու բարեմաղթանքը անհրաժեշտ է անոր գոյատեւման համար։ Որպէս հոգեւոր կեդրոն՝ մեր Պատրիարքութիւնը կը ցոլացնէ Սուրբ Հոգւոյ լոյսը ու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ բազմադարեան վկայութեամբ կ՚առաջնորդէ մերազն համայնքի զաւակները։ Հոգեւոր այս երեսակին առընթեր, մեր Պատրիարքութիւնը կրողն է մշակութային մեծ ժառանգութեան մը եւ առանցքը՝ վարչական ծով փորձառութեան։ Այս բոլորին վերյիշումն ու իւրացումը կ՚երաշխաւորէ մերազն համայնքի ապագային նկատմամբ յոյսը։
Եկէ՛ք զիրար չզրկենք համատեղ ջանքերով նոր հոգեւոր պետի մը տիրանալու բարոյական հրճուանքէն ու պտուղներէն։ Երախտագիտութեամբ, զոհողութեամբ ու զօրակցութեան զգացումով՝ միասնականութեամբ, սիրով, անդորրութեամբ եւ յուզումով սպասենք մեր նոր պատրիարքին, որ մեր Սուրբ Աթոռը պիտի առաջնորդէ դէպի ապագայ։ Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակներ՝ հպարտութեամբ ու բաց ճակատով ողջունենք մեր նոր պատրիարքը։
Իսթանպուլի մէջ այսօր ունինք միայն երկու եպիսկոպոս։ Մեր բարոյական արժէքներուն եւ հասկացութեան խորթ է՝ ընտրութեան գործընթացի ժամանակաւոր քաշքշուքներով անոնց միջեւ թշնամութեան յարուցումը եւ մրցակցութեան հրահրումը։ Արդարեւ, ընտրութիւնը պիտի վերջանայ, սակայն անոնք իբրեւ երկու տիպար հովիւ, իրարու երես նայելով, միասնականութեամբ եւ հաւատարմութեամբ պիտի շարունակեն եռանդով ծառայել մերազն ժողովուրդին եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Անոնց յարաբերութեան չմաշիլը ու միշտ վերանորոգուելու ներուժ մը պարփակելը անթիւ օգուտներ ունի մեր Պատրիարքութեան ու մերազն համայնքի երկարաժամկէտ սպասումներուն տեսակէտէ։
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնով խորհրդանշուած մեծ յոյսը մեզի թող պարգեւէ իրարու հետ նոր աւետիսներ փոխանակելու կարելիութիւնը։ Մեր սուրբերու բարեխօսութեամբ, Բարձրեալն Աստուած մեզ թող չզրկէ իր խաղաղութենէն, օգնութենէն, երանութենէ ու ողորմութենէն. Ամէն։
Զայս յարգանօք ի գիտութիւն կը ծանուցուի մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն։
ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ